«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ Է ՏՐԱՄԱԴՐԵԼՈՒ ՆԵՐԴՐՈՒՄԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ

Նախարար Սապունճեան` գործատէրերու լիբանանեան - գերմանական խորհուրդի անդամներուն հետ զրոյց-հանդիպումին պահուն
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, գործակցութեամբ Ճարտարարուեստի մարզի գործատէրերու լիբանանեան-գերմանական խորհուրդի նախագահ Էլի Ասուատի, կազմակերպեց զրոյցի հանդիպում մը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ արտածումի փոքր եւ միջակ սեփական ընկերութիւններ հիմնելու անհրաժեշտութիւնը:
Զրոյցին ընթացքին նախարար Սապունճեան յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որ նման աշխատանքներ ստանձնող ընկերութիւններուն պարագային կարելի ըլլայ ճարտարարուեստի մարզի արտադրութիւնները զանց առնել աւելորդ տուրքերէ:
Վ. Սապունճեան ըսաւ, որ Գերմանիա մնայուն կերպով կ՛օժանդակէ Լիբանանին` զանազան մարզերուն զօրակցութիւն յայտնելով:
Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու է ներդրումի լաւագոյն պայմանները ստեղծելու` առանց խտրութիւն դնելու տեղական թէ օտար դրամագլուխներուն միջեւ: «Այս ձեւով Լիբանանի կառավարութիւնը հաւասարապէս առիթ կու տայ բոլոր գործատէրերուն, որպէսզի անոնք Լիբանանի մէջ ներդրում կատարեն` օգտուելով Լիբանանի տնտեսական ազատութենէն եւ բազմաթիւ այլ յատկանիշներէ», ըսաւ Վ. Սապունճեան: