ԱՐԻՏԻ. «ԵԹՈՎՊԻԱԿԱՆ ՋԱԽՋԱԽՈՒԱԾ ՕԴԱՆԱՒԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ` ԵՐԿՈՒ ԱՄԻՍ ԵՏՔ»

Նախարար Արիտի` մամլոյ ասուլիսին պահուն

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան պատկան մարմիններ կը շարունակեն Նաամէի հանդիպակաց ծովուն վերեւ ջախջախուած եթովպիական օդանաւի հարցով հետաքննութիւնը:

Ան դիտել տուաւ, որ այդ հարցով միջազգային հետաքննութիւնը աւարտած է, իսկ տեղեկագիրը արդէն իսկ պատրաստ, սակայն, այդ տեղեկագիրին հրապարակումը կարելի պիտի ըլլայ միայն երկու ամիս ետք:

Արիտի յայտնեց, որ պատրաստուած այդ տեղեկագիրը պիտի յղուի հիմնական երեք կողմերու, որոնք են` օդանաւը արտադրող ամերիկեան ընկերութիւնը, օդանաւը օգտագործող եթովպիական օդանաւային ընկերութիւնը, ինչպէս նաեւ թղթածրարին հետաքննութիւնը ստանձնած ֆրանսական գրասենեակը:

Նախարարը հաստատեց, որ ինք այս մամլոյ ասուլիսով կ՛ուզէ հաստատել, որ լիբանանեան պետութիւնը յանձնառու է իր պատասխանատուութիւններուն եւ մօտիկ ապագային տեղեակ պիտի պահէ զոհերուն հարազատներն ու լիբանանեան հանրային կարծիքը` ջախջախուած օդանաւին հետաքննութեան մասին: «Այդ աղէտալի դէպքին վերաբերող պաշտօնական տեղեկագիրը պիտի հրապարակուի 60 օր ետք, երբ պատկան մարմինները իրենց վերջնական համաձայնութիւնը յայտնեն», եզրափակեց Արիտի:

Share this Article
CATEGORIES