ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՍԱԼԱՄԷԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ՄԱՐԶԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Սալամէ եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց ելեւմտական մարզին վերաբերող հարցեր:

Վարչապետին այցելեց նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ, որ մեկնումի պահուն յայտնեց, թէ կառավարութիւնը կարճ տեւողութեան ընթացքին իրականացուցած է լուրջ ծրագիրներ, ինչպէս` համացանցի օգտագործման սակի նուազեցում, ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրի որդեգրում: Քարամէ նշեց, որ ինք վարչապետին հետ քննարկած է Թրիփոլիի բարգաւաճման վերաբերող ծրագիրներ` աւելցնելով, որ ինք հանգիստ կը զգայ երկրին ներկայ քաղաքական պայմաններուն առումով:

Share this Article
CATEGORIES