ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄՔԱՐԻՆ

Մքարի եւ նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, խորհրդարան փոխանցուած օրինագիծերը, ինչպէս նաեւ ազգային երկխօսութիւնը վերսկսելու կարելիութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ տեղեկատուութեան հարցերու նախարար Ուալիտ Տաուք, որ նախագահին ներկայացուց նախարարութեան մշակած ծրագիրը` աշխուժացնելու համար տեղեկատուութեան մարզը եւ նուազեցնելու համար այդ մարզին մէջ արձանագրուող քաղաքական սուր բառամթերքի տարափը:

Նախագահ Սլէյման երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլէն ստացաւ հրաւէր մը` նախկին նախագահ Պեշիր Ժեմայէլի նահատակութեան յիշատակին առիթով յառաջիկայ 14 սեպտեմբերին կատարուելիք հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ գտնուելու:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյման եւ Զահլէի քաղաքապետ Ժոզեֆ Մաալուֆ:

Share this Article
CATEGORIES