ԵԹԷ ԼՈՒՍԻՆԸ ԿՐԻՒՅԷՐ ՊԱՆԻՐԻ ԿՏՈՐ ՄԸ ԸԼԼԱՐ
… Հետեւաբար անջրպետի մուկ մը պիտի յայտնուէր եւ պիտի գար ու զայն կրծէր: Եթէ անիկա պանիրին վրայ յարձակէր անոր պահուած կողմէն, մենք երկար ժամանակ բան մը պիտի չնշմարէինք: Բացի եթէ տեսնէինք անոր դուրս մնացած պոչը:
* * *
Սակայն ինչո՞ւ լուսինը բաղդատել պանիրի մը: Որովհետեւ անոր մակերեսը ծածկուած է հարուածներու կլորակ հետքերով, որոնք յառաջացած են երբ երկնաքարեր ինկած են լուսինի մակերեսին վրայ. այս փոսերը կը յիշեցնեն կրիւյէր պանիրի մը ծակերը: Այս փոսերէն իւրաքանչիւրը ունի անուն մը: Այս անունները յաճախ գիտնականի մը` աստղագէտի մը անունն է:
* * *
Լուսինի ամէնէն մեծ փոսը կը գտնուի անոր պահուած երեսին վրայ, հարաւային բեւեռին: Անիկա ունի մօտաւորապէս 2500 քմ տրամագիծ եւ 13 քմ խորութիւն:Խորհրդային տիեզերանաւ մըն է, որ զայն ուսումնասիրած է առաջին անգամ,1965 թուականին:
Այդ ժամանակաշրջանին մուկեր չէինք տեսած անջրպետին մէջ: Ամերիկեան արդի տիեզերանաւերն ալ, որոնք ջուրի հետքեր գտած էին կարգ մը փոսերու խորերը, չեն տեսած մուկը:
* * *
Սակայն մենք ուշադրութիւն պէտք է ընենք, որովհետեւ, եթէ մուկը կրծէր մեր գեղեցիկ արբանեակը, հետեւաբար մենք հրաժեշտ պիտի տայինք երկրագունդին շուրջ լուսինին շարժումէն յառաջացած մակընթացութիւններուն: Կրնայ ըլլալ նաեւ, որ երկրագունդին թեքումը քիչ մը փոխուէր, որովհետեւ լուսինը, որ իբրեւ հակակշիռ կը ծառայէ, մեր մոլորակը կը կայունացնէ: Այս աղէտէն խուսափելու միակ լուծումը` մուկերու հսկայ թակարդ մը դնել անոր պահուած երեսին վրայ եւ սպասել:
ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱ՛Ւ
- Ատլանտեան ովկիանոսին մակերեսը աւելի աղի է, քան` Խաղաղական ովկիանոսին մակերեսը:
- Աշխարհի 50 ամէնէն բարձր լեռները կը գտնուին Ասիոյ մէջ:
- Աչքերդ կրնան տեսնել մօտաւորապէս տասը միլիոն տարբեր գոյներ:
- Աշխարհի վրայ ծանօթ ամէնէն ցած ջերմաստիճանը (- 89,2) արձանագրուած է Անթարքթիքայի մէջ:
Չինաստանի Մեծ պարիսպին երկարութիւնը մօտաւորապէս 7,240 քմ է: Անիկա գրեթէ ափրիկեան ցամաքամասին երկարութիւնը ունի:
- Սեպտեմբեր եւ դեկտեմբեր ամիսները միշտ շաբթուան նոյն օրը կը սկսին ամէն տարի:
- Միացեալ Նահանգներու մէջ, Քալիֆորնիայէն կին մը կը յիշէ իր կեանքին գրեթէ իւրաքանչիւր օրը… 11 տարեկանէն ի վեր:
- Ամէնէն տաք աստղերը կապոյտ են:
- Գիտնականները կը հաւատան, թէ Երեւակին օղակները ժամանակի ընթացքին պիտի անհետանան:
- Ամէն օր միջին հաշուով 371 հազար երեխայ կը ծնի:
ՀԱՐՑԱՐԱՆ
1.- Ի՞նչ կ՛ընեն առիւծները ամբողջ օրը:
ա – Կ՛որսան, բ – Կը քնանան, գ – Կ՛ուտեն:
2.- Ի՞նչ է ճերմակ գնդիկներուն պաշտօնը մեր մարմնին մէջ:
ա – Արիւնը հեղուկ վիճակի մէջ պահել, բ – Ժահրերուն դէմ պայքարող բջիջներ (անթիպատի) արտադրել, գ – մեր արեան խումբը նշել:
3.- Ի՞նչ է կարմիր գնդիկներուն պաշտօնը մեր մարմինին մէջ:
ա – Արիւնը բջիջներուն հասցնել,
բ – Արիւնը հեղուկ վիճակի մէջ պահել,
գ – Ժահրերուն դէմ պայքարող բջիջներ (անթիպատի) արտադրել:
4.- Ինչո՞ւ աչքերնիս կը թարթենք:
ա – Մեր աչքերը պաշտպանելու համար,
բ – Որպէսզի մեր կոպերը իրենց ճկունութիւնը պահեն:
5.- Ո՞րն է ամէնէն բարձր ծառը:
ա – Սեքոան (Ռետուուտ):
բ – Հարաւափրիկեան ռաֆիայի ծառը:
գ – Աւստրալիական սմիղակը:
6.- Ի՞նչ խորութեան կը հասնի Հարաւային Ափրիկէի մէջ Օրեկսթատի մօտ գտնուած թզենիի մը ամէնէն երկար արմատը:
ա – 25 մեթր, բ – 75 մեթր, գ – 120 մեթր
7.- Ո՞ր բոյսը ամէնէն արագը կ՛աճի:
ա – Հսկայ նունուֆարը, բ – ռաֆիան, գ – Հսկայ պամպուն:
8.- Ծառի մը ո՞ր բաժինները կը ծծեն արեւուն լոյսը եւ ծառին սնունդը կը շինեն:
ա- Կոճղը, բ – Ծաղիկները, գ – Տերեւները:
9.- Երկրագունդին մակերեսէն որքա՞նը ծածկուած է ծովերով եւ ովկիանոսներով:
ա – 30 առ հարիւրը, բ -50 առ հարիւրը, գ – 70 առ հարիւրը:
10.- Ինչո՞ւ անապատին մէջ ապրող կարգ մը բոյսեր շատ երկար արմատներ ունին:
ա – Ջուրի խաւերուն հասնելու համար, բ – Չսառելու համար, գ – Լաւ կառչած մնալու` մրրիկներուն ընթացքին:
Պատասխանները վերջաւորութեան
ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՐԵՒԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՄԵԾ
ՊՏՈՒՏԱՀՈՂՄԵՐԸ ԱՆՈՒՆՆԵՐ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ
Օդերեւութաբանները սովորութիւն դարձուցած են անուններ տալու արեւադարձային պտուտահողմերուն, որպէսզի պատասխանատուներն ու բնակիչները դիւրութեամբ զանոնք ճանչնան, եւ պատրաստուին անոնց ժամանումին:
Արեւադարձային պտուտահողմերուն անուններ տալու սովորութիւնը հաւանաբար 20-րդ դարու սկիզբը սկսած է: Ըստ ժամանակաշրջաններուն, օդերեւութաբանական այս երեւոյթները ստացած են քաղաքական դէմքի մը անունը, առասպելական կերպարի մը անունը եւ այլն:
1953 թուականէն սկսեալ կրկնուող ցանկ մը հաստատուեցաւ, սակայն անիկա կը պարունակէր միայն իգական անուններ: 1979 թուականին պտուտահողմերը կրցան ունենալ նաեւ արական անուններ: Հուկօ պտուտահողմը աւերեց Անթիլեան կղզիները, 1989 թուականին, իսկ Քաթրինան` Միացեալ Նահանգներու հարաւը, 2005 թուականին:
ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԵՐ ՅԱՃԱԽ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ
ԽԱՂԱՂԱԿԱՆ ՈՎԿԻԱՆՈՍԻՆ ՇՈՒՐՋ
Խաղաղական ովկիանոսը շրջապատուած է երեւակայական գիծով մը, որ կոչուած է «Խաղաղականի կրակէ գօտի»: Այս գիծին վրայ գտնուող շրջաններուն մէջ յաճախ երկրաշարժեր տեղի կ՛ունենան: Ասոր կողքին, այդ շրջաններուն մէջ է, որ կը գտնուի հրաբուխներուն մեծ մասը:
Խաղաղականի կրակէ գօտին ունի մօտաւորապէս հայերէն «Ո» տարին ձեւը: Մօտաւորապէս 40 հազար քմ երկարութեան մը վրայ, ան կը շրջապատէ Խաղաղական հողաշերտը, որ երկրագունդին մակերեսը ծածկող միւս հողաշերտերուն քսուելով` երկրաշարժեր կը յառաջացնէ:
Ասոր կողքին, Խաղաղականի գօտիին վրայ համախմբուած են մօտաւորապէս 450 հրաբուխներ, այսինքն աշխարհի հրաբուխներուն մօտաւորապէս երեք չորրորդը: Հոն է, որ տեղի կ՛ունենան ամէնէն զօրաւոր երկրաշարժերը եւ աշխարհի երկրաշարժերուն 90 առ հարիւրը:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՇԱՏ ՇՈՒՏ ՇՆՉԱՍՊԱՌ Կ՛ԸԼԼԱՆՔ,
ՊՈԼԻՎԻՈՅ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ ԼԱ ՓԱԶԻ ՄԷՋ
Պոլիվիոյ վարչական մայրաքաղաքը` Լա Փազ, կառուցուած է Անտեան լեռնաշղթային լանջին վրայ: Անիկա կը գտնուի աւելի քան 1000 մեթր բարձրութեան վրայ, եւ աշխարհի ամէնէն բարձր մայրաքաղաքն է:
Լա Փազի (սպաներէն` խաղաղութիւն) ամէնէն աղքատ թաղամասերը կը գտնուին Անտեան բարձրաւանդակին` 4000 մեթր բարձրութեան վրայ: Հոն է, որ կը գտնուի նաեւ օդակայանը: Հոն թթուածինը աւելի քիչ է, հետեւաբար մեր. շունչը շատ երկար չ՛ըլլար. նաեւ ջերմաստիճանը աւելի ցած հոն. աւելի ցածը` 3000 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող աւելի հարուստ թաղամասերուն մէջ:
Քաղաքին կեդրոնը` պաշտօնական շէնքերով, առեւտրական թաղամասերով, թանգարաններով, կը գտնուի քաղաքին երկու մասերուն մէջտեղը, մօտաւորապէս 3600 մեթր բարձրութեան վրայ:
ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս ամբողջացնել բուրգը, գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր կլորակի մէջ գտնուող թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու կլորակներու մէջի թիւերուն գումարումին:
ՀԱՐՑԱՐԱՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ
1.- Ընտանի կատուներուն նման, առիւծներն ալ իրենց օրուան մեծ մասը կ՛անցընեն քնանալով: Անոնք օրական մօտաւորապէս 22 ժամ կը տրամադրեն քունին եւ իրենց մաքրութեան:
2.- Ճերմակ գնդիկները ժահրերուն դէմ պայքարող բջիջներ կ՛արտադրեն: Այս նիւթերը կը փճացնեն ժահրերը: Անոնք կը պայքարին բորբոքումներուն դէմ:
3.- Կարմիր գնդիկները թթուածինը կը փոխադրեն դէպի մարմինին բջիջները:
4.- Մեր աչքերը շատ զգայուն են եւ անդադար պահպանութեան եւ մաքրութեան կը կարօտին: Թարթումի ընթացքին արցունքներուն հեղուկը կը թրջէ մեր աչքը:
5.- Քալիֆորնիոյ մէջ աճող սեքոան կրնայ 112 մեթրի հասանիլ. հետեւաբար ան աշխարհի ամէնէն բարձր ծառն է:
6.- Ըստ «Կինես» մրցանիշներու գիրքին, Հարաւային Ափրիկէի Օրիկսթատ քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի թզենի մը, որուն ամէնէն երկար արմատը գետինին մէջ մինչեւ 120 մեթր մխրճուած է:
7.- Հսկայ պամպուն կրնայ օրական 46 սմ. աճիլ. հետեւաբար անիկա աշխարհի ամէնէն արագ աճ ունեցող բոյսերէն մէկն է:
8.- Տերեւները. այս երեւոյթը կը կոչուի ֆոթոսենթեզ:
9.- Երկրագունդին 70 առ հարիւրը:
10.- Որպէսզի անոնք կարենան հասնիլ գետինին տակը գտնուող անուշ ջուրի բնական պահեստներու խաւերուն:
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ