ՄԱՐԻԱՄ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Այս մահագրութեամբ նախ կ՛ուզեմ իմ յատուկ շնորհակալութիւնս յայտնել ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութեան, ի մասնաւորի հանգուցեալ Գէորգ Գարապոյաճեանին, ծերանոցի անձնակազմին եւ բոլոր պաշտօնեաներուն անխտիր:

Մայրս` Մարիամ Հարպոյեան 2004 թուականին ՔԱՀԼ-ի հայ ծերանոց տարուեցաւ ֆիզիքապէս չափազանց յոգնած եւ տկար վիճակի մէջ: Արդէն երկար ժամանակէ ի վեր անկողինին կը ծառայէր: Յիշեցնեմ նաեւ, թէ իր աչքին լոյսն ալ կորսնցուցած էր կապոյտ եւ սեւ ջուրի պատճառով:

Ինծի շատ մօտիկ բարեկամներ յաճախ առաջարկած էին նախապէս, որ մայրս ՔԱՀԼ-ի ծերանոց փոխադրեմ, սակայն իմ պատասխանս միշտ ալ եղած էր ժխտական եւ մերժողական. ունէի հիմնական երկու պատճառներ, առաջինը զգացական մասն էր, որովհետեւ ինծի համար խորթ կը թուէր ծերանոցի գաղափարը, իսկ երկրորդը այն էր, որ ես ալ այլոց անիմաստ եւ անհիմն խօսքերուն ականջ տալով ունէի այն համոզումը, թէ ան, որ ծերանոց կ՛երթայ իր կեանքին վերջակէտը կը դնէ. «Ճիշդն ասաց, ծերանոց գացողը կը մեռնի»:

Այս առթիւ ես սրտի պարտք կը զգամ վկայելու, թէ ծերանոցը չէ այնպէս, ինչպէս ես ալ այլոց պէս կը խորհէի, այլ ընդհակառակը: ՔԱՀԼ-ը զուտ հայկական հաստատութիւն մըն է, ուր չկայ յարանուանական տարբերութիւն: Հայ անկարին կամ ծերունիին նկատմամբ հոգատարութիւն ցուցաբերող վայր մըն է, մէկ խօսքով պատուական հաստատութիւն մըն է, ուր ամէն այցելու կ՛ունենայ այն տպաւորութիւնը, թէ հոն է իր ընտանիքը, հոն են իր հարազատները:

Իմ ամէնօրեայ այցելութիւններս միայն մօրս հանդիպելով չէին աւարտեր, այլ ամբողջ յարկին վրայ գտնուող ծերերը արդէն ինծի համար հարազատներ դարձած էի: ՔԱՀԼ-ի շրջապատին մէջ փոխադարձ յարգանքի եւ գուրգուրանքի հոգեբանութիւնը առաւել եւս զարգացաւ մէջս:

Ես շատ երախտապարտ եմ ՔԱՀԼ-ի պատասխանատուներուն, պաշտօնեաներուն անխտիր. այդ ծերերուն լոգանքն ու մաքրութիւնը ապահովուած է, նախաճաշը, ճաշը, ընթրիքը, դեղերը ժամ ժամուն կը տրամադրուին հիւանդապահուհիներուն խնամքին տակ, հսկողութեամբ տոքթ. Յարութիւն Զատիկեանին: Ծերանոցի պատասխանատու տիկին Պերճուհի իւրաքանչիւր ծերունիին հոգեկան թէ ֆիզիքական խնդիրները լուծելու գծով աշխատանք կը տանի: Ինչ ըսեմ Փանոսին, որ ամէն առաւօտ տխուր մամիկներուն տրամադրութիւնը փոխելը եւ անոնց դէմքին ժպիտը վերարծարծելը ստանձնած էր: Անուններու շարքը տակաւին երկար է, չեմ ուզեր անուն մը մոռնալով մարդիկ նեղացուցած ըլլամ:

Ի վերջոյ կը յիշեմ մօրս աղօթքները ՔԱՀԼ-ի ընդհանուր հաշուապահին, տիկին Մայտային համար, որ պատճառ հանդիսացաւ ողբ. մօրս աչքերուն վիրաբուժութեան ենթարկուելուն եւ տեսողութեան վերադարձին: Անկէ ետք մայրս եօթը տարիներ աչքի լոյսով Աստուծոյ շնորհած կեանքը ապրեցաւ, նորածին մանուկի մը նման, ուրախ, միշտ փառք տալով Աստուծոյ, ապրեցաւ որպէս ՔԱՀԼ-ի մեծ ընտանիքին մէկ անդամը, վայելեց բոլորին սէրն ու յարգանքը եւ գուրգուրանքը: Վերջապէս վայելեց իր կեանքի վերջին ժամերուն Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամօր խոստումը, թէ այն որ բարեպաշտութեամբ միշտ աղօթքի մէջ մնայ իր հոգին պիտի չաւանդէ մինչեւ որ եկեղեցւոյ կողմէ ղրկուած հայր սուրբը ներկայանայ մեղքերուն արձակումը տայ եւ Յիսուսին կենարար մարմինը ճաշակէ:

Եւ այսպէս հոգին աւանդեց Մարիամ Հարպոյեանը իրեն հետը տանելով բոլոր բարեպա շտ բարերար անձերուն անունները, ներկայացնելու համար Հօր Աստուծոյ ողորմութեանը գիրկը:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ մայր:

ՅԱՐՈՒԹ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES