28 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ԿԸ ՍԿՍԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱԶԿԱՄԱՐՏԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Յառաջիկայ 28 սեպտեմբերին Երեւանի Միքա մարզահամալիրին մէջ կը սկսի Հայաստանի բազկամարտի ախոյեանութիւնը (պատանիներ եւ մեծեր): Անիկա կը տեւէ երկու օր:
Մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի բազկամարտի ֆետերասիոնի պատուոյ նախագահ, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանութիւններու ախոյեան եւ մրցանակակիր, մարզաշխարհի վաստակաւոր վարպետ եւ Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի հովանաւորութեամբ:
Մրցաշարքին ընդհանուր գումար տրամադրուած է 12 միլիոն դրամ:
Մասնակցողները կը մրցին աջ եւ ձախ ձեռքերով: Տեղի պիտի ունենան պատանիներու եօթը եւ մեծերու վեց դասակարգի մրցումներ:
Ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարարն է Կարօ Աղաճանեան:
CATEGORIES Մարզական