ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ

Յառաջիկայ 22 սեպտեմբերէն 10 հոկտեմբեր, Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) տեղի պիտի ունենան կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները:

Հայաստանի հաւաքականը ընդլայնուած կազմով եւ գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Մեհրապեանի գլխաւորութեամբ այժմ իր վերջին ուսումնամարզական հաւաքը կը կատարէ Աբովեանի մէջ:

Գլխաւոր մարզիչը իր հիմնական կազմը պիտի հրապարակէ աշխարհի ախոյեանութեան նախօրեակին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականին ընդլայնուած կազմը.

Յովհաննէս Դանիէլեան (49 քկ, Երեւան)
Դերենիկ Գիժլարեան (52 քկ, Էջմիածին)
Յովհաննէս Պաչքով (56 քկ, Գիւմրի)
Վլատիմիր Սարուխանեան (60 քկ, Գիւմրի)
Հրաչեայ Չաւախեան (64 քկ, Վանաձոր)
Սամուէլ Մաթէոսեան (69 քկ, Վանաձոր)
Անդրանիկ Յակոբեան (75 քկ, Էջմիածին)
Արթուր Խաչատրեան (81 քկ, Վանաձոր)
Արմէն Սիմոնեան (91 քկ եւ վեր, Աբովեան)

 

Share this Article
CATEGORIES