ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԳԵՐԱԶԱՆՑԵՑ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՀԱՍՏԱՏԱԾ ՄՐՑԱՆԻՇԸ

Հենրիխ Մխիթարեան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իր մասնակցութիւնը բերած էր Սլովաքիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Եւրօ-2012), գերազանցեց Ռոպերթ Արզումանեանի 22 տարեկաններու հաստատած մրցանիշը: Արզումանեան դաշտ ներկայացած էր 24 անգամ, մինչ 22 տարեկան Մխիթարեան վերոնշեալ մրցումին 25-րդ անգամ ըլլալով կրեց ազգային խումբին շապիկը:

Մխիթարեան հաւաքականին հետ իր նորամուտը նշեց 14 յունուար 2007-ին` Փանամայի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին (Լոս Անճելըսի մէջ, Միացեալ Նահանգներ):

Նշենք, որ ամէնէն շատ Հայաստանի հաւաքականին շապիկը կրած է Սարգիս Յովսէփեան (123 անգամ):

Share this Article
CATEGORIES