ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՍԵՐԿԷՅ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԸ

Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան, իր մօտ հիւրընկալելով ջերմօրէն ողջունեց անուանի դահուկավազքի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեան 19 տարեկան Սերկէյ Միքայէլեանը, անոր ծնողներն ու մարզիչը:

Ծառուկեան բարձր գնահատեց երիտասարդ մարզիկին նուաճումը, որ նաեւ Արթուր եւ Ալլա Միքայէլեաններուն ցուցաբերած աշխատանքին արդիւնքն է:

Հանդիպումին աւարտին Գագիկ Ծառուկեան նուէրներ ու նիւթական պարգեւներ յանձնեց ախոյեանին եւ անոր ընտանիքին:

 

Share this Article
CATEGORIES