ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՄՈՆ ԼԱ ՍԱԼ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ միջդպրոցական պասքեթպոլի մրցաշարքը, երբ Շանվիլի դաշտին վրայ (Տիք Մըհտի) տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Մոն լա Սալի եւ Լուէյզիի միջեւ:
Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը, նշենք, որ այս մրցաշարքը կազմակերպուած էր «Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան կողմէ, կը վայելէր Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հովանաւորութիւնը եւ անիկա տեղի կ՛ունենար Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ:
Բաւական հետաքրքրական ձեւով ընթացած աւարտական այս մրցումը վերջ գտաւ Մոն լա Սալի յաղթանակով. անիկա կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 71-70 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին եւ բնականաբար տիրացաւ տիտղոսին:
Աւարտական այս մրցումին ներկաներուն շարքին էին` Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի ներկայացուցիչը` Ատնան Համմուտ, Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթ, Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու տնօրէն Ֆատի Թապեթ եւ այլ անձնաւորութիւններ ու հրաւիրեալներ:
Մրցանակաբաշխութեան աւարտին «Սփոր Էվազիոն»ի նախագահ Պասսամ Թըրք շնորհաւորեց տիտղոսակիր վարժարանը եւ յաջողութիւն մաղթեց մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերած խումբերուն: