ՃԱՓՈՆ. ԳԵՂԱՍԱՀՔԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄՐՑՈՒՄԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ Է ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

Գեղասահքի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որ պէտք է սկսէր 21 մարտին Թոքիոյի մէջ, յետաձգուած է երկրաշարժի պատճառով, այս մասին կը հաղորդէ «Քիոթօ» գործակալութիւնը:

Աղբիւրին համաձայն, Գեղասահքի միջազգային ընկերակցութիւնը որոշում տուած է յետաձգելու մրցումի իրականացումը, որովհետեւ բազմաթիւ երկիրներ խորհուրդ կու տան իրենց քաղաքացիներուն հրաժարիլ Ճափոն մեկնելու միտքէն:

8,9 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժը Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած էր 11 մարտին, անիկա մօտ տասը մեթրնոց ծովաշարժ (ցունամի) յառաջացուցած էր: Երկրաշարժի կեդրոնը գտնուած է Թոքիոյէն 373 քմ հեռաւորութեան վրայ:

Երկրաշարժին պատճառով զոհուած մարդոց թիւը հասաւ աւելի քան 10 հազարի, յայտնած է տեղւոյն ոստիկանութեան ղեկավարը:

Share this Article
CATEGORIES