ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ՊՈՒԼԿԱՐԻԱՅԷՆ` ԹՈՒՐՔԻԱ
Ռուսիոյ կռփամարտի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ 16-26 յունիսին Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութիւնը Պուլկարիոյ փոխարէն տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ:
Նախապէս, Եւրոպայի կռփամարտի ֆետերասիոնը յայտարարած էր, որ այս մրցաշարքին հիւրընկալ երկիրն է Պուլկարիան:
Սակայն, ցարդ անորոշ է, թէ այդ իրաւունքը ինչո՛ւ տրուեցաւ Թուրքիոյ:
CATEGORIES Մարզական