ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒԻԼԻԸՄԶԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները եւ յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ուիլիըմզ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումը շատ լաւ ընթացած է: Ան դիտել տուաւ, որ անհրաժեշտ է Լիբանանը պահել ապահով եւ կայուն, ինչպէս նաեւ զայն փրկել ամէն տեսակի զարգացումներէ եւ ազդեցութիւններէ:
«Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` կը հաստատենք հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը երկարաձգելու անհրաժեշտութիւնը: Բայց եւ այնպէս մենք տակաւին կարիքը ունինք մեծ աշխատանքներու, որպէսզի կարելի ըլլայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրել», շեշտեց ան:
Ուիլիըմզ նկատել տուաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ գործուած յարձակումները անընդունելի են:
Ուիլիըմզ աւելցուց, որ ինք տխուր է Լիբանանի մէջ իր առաքելութիւնը աւարտած ըլլալուն համար:
Միւս կողմէ, Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ հաստատեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի կարելի ըլլայ անմիջական կերպով անցնիլ լիբանանեան ջուրերուն մէջ քարիւղի պեղման թղթածրարին քննարկման: