ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ – ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Պուսթրոս պալատ, ուր երկարատեւ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ շրջանային կացութիւնն ու անոր անդրադարձը Լիբանանի վրայ` շեշտը դնելով ներքին միասնութեան եւ արտաքին աշխարհին միակամ ներկայանալու անհրաժեշտութեան վրայ:
Այս ծիրին մէջ Մանսուր եւ Բագրատունի կարծիքներու լայն փոխանակում կատարեցին շրջանին մէջ թրքական դերակատարութեան եւ այս ուղղութեամբ արաբական աշխարհի կեցուածքներուն շուրջ: Նախարարը յստակօրէն շեշտեց, որ Թուրքիա միայն իր շահերէն մեկնելով է, որ կարգ մը պարագաներու ի նպաստ պաղեստինեան դատին դրական կեցուածք կը ցուցաբերէ, բան մը, որուն անկեղծութեան շուրջ արաբական շրջանակները կասկածով կը մօտենան:
Քննարկուեցան նաեւ արտերկրի լիբանանցիներու պարզած ընդհանուր վիճակը եւ զանոնք կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ մարդկային կարողութեանց ու կարելիութեանց հարստութիւն ի շահ Լիբանանի:
Բագրատունի արտաքին գործոց նախարարէն պահանջեց նախարարութեան մէջ որեւէ նշանակումի պարագային անպայմանօրէն յարգել Լիբանանի հայութեան իրաւունքները:


