ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ, ՌՈՒՍԻՈՅ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՂԱԶԱՐԵԱՆ, ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ԵՒ ՓԱՉԱՃԵԱՆ ԴԱՐՁԱՆ ԿՈԼԻ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ

Լեւոն Փաչաճեան

Եուրա Մովսիսեան

Գէորգ Ղազարեան

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, հայրենի երեք ֆութպոլիստներ կոլեր նշանակեցին իրենց ակումբներուն հետ:

Սկսելով Ուքրանիայէն, բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մեթալուրկ Տոնեցք 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Օփոլոն Քիեւի դաշտէն:

Մրցումին եւ յաղթական կազմին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի հաւաքականի ֆութպոլիստ Գէորգ Ղազարեան (62-րդ): Ան դաշտ ներկայացաւ 90 վայրկեան: Անոր խմբակից Մարքոս Փիցելլի դաշտ ներկայացաւ 62-րդ վայրկեանին, մինչ Կարլեն Մկրտչեան վիրաւոր ըլլալով դարձեալ բացակայեցաւ Տոնեցքի կազմէն:

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Փրեմիեր Լիկ»ի 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քրասնոտար 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ռուպինի: Հայաստանի հաւաքականի մարզիկ Եուրա Մովսիսեան փենալթիով նշանակեց Քրասնոտարի եւ մրցումին առաջին կոլը (8-րդ): Ան 80-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:

Իրանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի մարզիկներ Լեւոն Փաչաճեանի եւ Վալերի Ալեքսանեանի կազմը` Սանաթ Նաֆթ, 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Ֆուլաթի հետ:

Լեւոն Փաչաճեան, որ դաշտ ներկայացաւ 90 վայրկեան, բացաւ մրցումին հաշիւը: Ալեքսանեան դաշտ չներկայացաւ:

Share this Article
CATEGORIES