ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՆՇԵՑԻՆ 11 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԸ
Միացեալ Նահանգներու տարածքին 11 սեպտեմբեր 2001-ի տասնամեակին առիթով այդ ահաբեկչական յարձակումին զոհերուն յիշատակը յարգելու արարողութիւններ տեղի ունեցան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ նախկին նախագահ Ճորճ Պուշ Նիւ Եորքի մէջ յարձակումի ենթարկուած Առեւտուրի համաշխարհային կեդրոնի զոյգ աշտարակներուն վայրին մէջ մասնակցեցան յատուկ արարողութեան մը, որուն ընթացքին Օպամա 46-րդ Սաղմոսէն բաժին մը կարդաց:
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, երեք հազարի հասնող բոլոր զոհերուն անունները կարդացուեցան, ինչպէս նաեւ Զոյգ աշտարակները, Փենթակոնը եւ Փենսիլվանիոյ Շանքվիլ շրջանին մէջ դաշտի մը վրայ օդանաւերուն ջախջախումին պահուն յոտնկայս լռութիւն պահուեցաւ:
«Սի. Այ. Էյ.» անցեալ շաբաթ զգուշացուց, որ Քայիտա կրնայ գործիչներ ուղարկած ըլլալ Նիւ Եորքի կամ Ուաշինկթընի մէջ ականահարում մը կատարելու:
Պաշտօնատարներ այս զգուշացումը նկարագրեցին իբրեւ «հաւաստի, սակայն չհաստատուած»