ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՅՍՕՐ ԵԳԻՊՏՈՍ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այսօր կը սկսի արաբական շրջապտոյտի մը, որ կը ներառէ Եգիպտոսը, Թունուզը եւ Լիպիան:

Թրքական պաշտօնական աղբիւր մը յայտնեց, որ Թուրքիոյ վարչապետին Եգիպտոս այցելութեան թուականը չէ փոխուած, հակառակ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած «վտանգաւոր դէպքերուն»: Ան նշեց, որ Էրտողան եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու խորհուրդի նախագահ մարաջախտ Հիւսէյն Թանթաուիի, բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ ընկերութեանց սեփականատէրերու հետ հանդիպումներ պիտի ունենան:

Կը նախատեսուի, որ Էրտողան Արաբական լիկայի կեդրոնատեղիին մէջ խօսք մը արտասանէ եւ Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակին վրայ եգիպտական յեղափոխութիւնը ղեկավարած շարք մը երիտասարդներու հետ հանդիպում ունենայ: Աղբիւրը աւելցուց, որ Էրտողան չորեքշաբթի օր Թունուզ պիտի այցելէ, իսկ հինգշաբթի օր` Լիպիա:

Նշենք, որ Եգիպտացի քաղաքագէտներ սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնած էին, որ թուրք-եգիպտական դաշինքի մը ստեղծումը շրջանային յարաբերութեանց քարտէսը կը փոխէ: Անոնք ըսած էին, որ այդ դաշինքին ստեղծումը հաւանաբար քննարկուի յառաջիկայ երկուշաբթի օր` Էրտողանի Գահիրէ այցելութեան ընթացքին: Ըստ «Ահրամ» ուսումնասիրութեան կեդրոնի փորձագէտ Ամրօ Շաուպաքիի, «այդպիսի դաշինքի մը գոյութիւնը շրջանին օգուտ պիտի բերէ»:

Share this Article
CATEGORIES