ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ԵԳԻՊՏՈՍ-ԻՍՐԱՅԷԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ Է» Կ՛ԸՍԷ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ
Եգիպտոսի մէջ ցուցարարներ յարձակում գործեցին Գահիրէի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան դէմ եւ դեսպանատուն մուտք գործելէ ետք, երկրորդ անգամ ըլլալով վար արին իսրայէլեան դրօշը: Ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին 448 վիրաւոր արձանագրուեցաւ:
Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի դեսպանն ու անոր ընտանիքը եւ դեսպանատան անձնակազմը շաբաթ առաւօտեան զինուորական օդանաւով մը հեռացան Գահիրէէն եւ վերադարձան Թել Աւիւ: Գահիրէի մէջ մնաց դեսպանի տեղակալը, որպէսզի եգիպտական կառավարութեան հետ կապը պահպանէ:
Գահիրէի մէջ Իսրայէլի դեսպան Իսհաք Լիվնոն «Ռատիօ Սաուա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ յանձնառու կը մնայ Եգիպտոսի հետ ունեցած խաղաղութեան համաձայնութեանց, հակառակ «կարգ մը ցուցարարներու» կողմէ դեսպանատուն ներխուժման:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Իսրայէլեան նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Եգիպտոսի հետ հաղորդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան դեսպանը Գահիրէ վերադարձնելու համար:
Իսրայէլի փոխվարչապետ Տան Մերիտոր Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Գահիրէի մէջ իսրայէլեան դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումը «Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան եւ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ կայունութեան դէմ յարձակում մըն է» եւ «վտանգաւոր դէպք մը»` աւելցնելով, որ Իսրայէլ այդպիսի դիպաշարի մը պատրաստուած էր: