ԳԱՐԵԳԻՆ ԱԶԱՐԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է
Ուրբաթ երեկոյեան յանկարծամահ եղաւ Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Գարեգին Ազարեան: Ան մահացաւ սրտի կաթուածի պատճառով:
Ազարեան 50 տարեկան էր: Ան 2003 թուականի յուլիսէն մինչեւ իր մահուան օրը կը վարէր Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահի պաշտօնը:
Այս տարուան յուլիսին ան վերընտրուած էր Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ կատարուած վերջին փոփոխութիւններով անոր թեկնածութիւնը այդ պաշտօնին համար առաջադրած էր Վճռաբեկ դատարանի նախագահը:
CATEGORIES Հայկական