ՀԵՐԹԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ` ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երէկ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է հերթական տարեկան Ս. պատարագը:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ պատարագը սկսած է զանգերու ղօղանջով, որ հնչած է հոգեւորականներէն մէկուն բջիջային հեռաձայնէն:
Եկեղեցական արարողութեան մասնակցած է մօտ 2000 հոգի: Այս թիւը նախորդ տարուընէ անհամեմատ աւելի քիչ է: Պատարագի ամբողջ ընթացքին որդեգրուած են ապահովական արտակարգ միջոցառումներ: Կղզին հսկած են 450 ոստիկաններ: Միջոցառումներուն մէջ ներգրաւուած է նաեւ ոստիկանական ուղղաթիռ մը:
«Հիւրրիյէթ» կը տեղեկացնէ նաեւ որ պատարագի ընթացքին վաճառուած մոմերուն ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Սոմալիի աղէտեալներուն:
CATEGORIES Հայկական