ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ
Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2011-ին, Պիքֆայայի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուած շարք մը հարցեր: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան նոր ծաւալ տալու եւ սփիւռքը վերակազմակերպելու, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի անկախութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
CATEGORIES Գաղութային