«ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՄ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՆԱՁԵՒԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ

2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման նիստը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին շեշտեց, որ ինք Նիւ Եորքի մէջ պիտի վերահաստատէ, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան:

Անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին` վարչապետ Միքաթի նշեց, որ այդ ատեանը կազմուած է եւ գործող մարմին է, հետեւաբար կարելի չէ խտրութիւն դնել ՄԱԿ-ի կողմէ որդեգրուած բանաձեւերուն գործադրութեան առումով:

Վարչապետ Միքաթի դիտել տուաւ, որ Լիբանան նախանձախնդիր է Ապահովութեան խորհուրդի բոլոր բանաձեւերուն ամբողջական գործադրութեան եւ պահպանելու Լիբանանի միջազգային դիրքը:

Վարչապետ Միքաթի նաեւ յայտնեց, որ Լիբանանի կացութեան դարմանումը աստիճանաբար սկսած է` աւելցնելով, որ անկարելի բան չկայ, եւ նկատել տալով, որ երկրին դիմագրաւած բոլոր փշոտ հարցերուն լուծումը կարելի պիտի ըլլայ:

Միւս կողմէ, շաբաթ օր Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի եւ կարգ մը այլ պատասխանատուներ:

Share this Article
CATEGORIES