«ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԸ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՀԻՄՆԱՔԱՐՆ Է» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

Նախագահ Սլէյման եւ Ժիհատ Ազուր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ շրջանին վկայած փոփոխութիւնները եւ հոն տիրող վարչակարգերը ժողովրդավարականացնելու իրականութիւնը կը միտի բարելաւել շրջանին ժողովրդավարական բնոյթը:

Ան հաստատեց, որ բարեկարգումը ժողովրդավարական վարչակարգի ամրապնդման հիմնաքարն է` աւելցնելով, որ բարեկարգումի ընթացքին կը նպաստէ արդիական ընտրական օրէնքի մը մշակումը:

Նախագահ Սլէյման անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ արդիական ընտրական օրէնքին կողքին կարելի ըլլայ իրագործել վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան վրայ հիմնուած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ տնտեսական մարզին մէջ պետական եւ սեփական մարզերուն գործակցութեան ամրապնդումը:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման շաբաթավերջին Պաապտայի մէջ ընդունեց Քեսրուանի թաղապետերու լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական իրավիճակը:

 

Share this Article
CATEGORIES