ԺՈՄՊԼԱԹ. «ՀԱՐԿ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԸ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐԵԼ»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ  հաստատեց, որ ինք համաձայն է Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու, յատկապէս նկատի ունենալով, որ կայ լիբանանցիներու նկատառելի թիւ մը, որ կը հաւատայ այդ ատեանին աշխատանքներուն եւ այդ ատեանին վրայ յոյսեր դրած է` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դրդապատճառները բացայայտելու առումով:

Ժոմպլաթ մտահոգութիւն յայտնեց, որ Լիբանանի կողմէ միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը կասեցնելու պարագային միջազգային ընտանիքը կրնայ Լիբանանի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրել: Ան նկատել տուաւ, որ անհրաժեշտ է անպայման այդ ատեանին ֆինանսաւորումը կատարել:

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Ժոմպլաթ Մուխթարայի մէջ ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզի:

Ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի, Չինաստանի դեսպան Ուազա Քսիան, Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին, Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆօ եւ նախարարներ Ղազի Արիտի, Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Ալաէտտին Թըրրօ, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Նաամէ Թոհմէ, Աքրամ Շեհայէպ եւ Էլի Աուն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES