ԵՐԵՔ ԱՐԳԵԼԱՓԱԿԵԱԼՆԵՐ ՓԱԽՈՒՍՏ ԿՈՒ ՏԱՆ ՀԱԼՊԱՅԻ ԲԱՆՏԷՆ

Երէկ առաւօտեան ժամը 7:45-ին, երեք յանցագործներ փախուստ տուին Հալպայի բանտէն:

Աքքարի մէջ գտնուող այս բանտէն փախուստ տուողներն են` Ատել Ալի Ղամրաուի, որ շատ վտանգաւոր կը նկատուի, Համզա Մոհամետ Մշայք եւ Մոհամետ Մուսթաֆա Խտըր:

Ըստ ներքին ապահովութեան ուժերուն փոխանցած տեղեկութիւններուն, երէկ առաւօտեան այս երեք արգելափակեալները գործադրած են բեմագրութիւն մը, որուն համաձայն, անոնք նկատել տուած են, թէ իրենցմէ մէկը շունչի նեղութիւն կ՛ունենայ եւ վատ վիճակի մէջ է: Մինչ այս բեմագրութիւնը կը գործադրուէր, բանտապահներէն մէկը կը փութայ ենթադրեալ հիւանդին օգնութեան, սակայն արգելափակեալները կը յարձակին բանտապահին վրայ եւ կը ձերբակալեն զայն, իսկ միւս երկուքը բանտէն դուրս վազելով կը հասնին երկու գնդացիրներու եւ կը կրակեն բանտին մէջ, որպէսզի կարենան փախուստ տալ:

Այդպիսով անոնք կը յաջողին բանտէն դուրս գալ եւ ուղղուիլ դէպի Հալպայի մայր ճամբան, սակայն անոնք փոխադարձ կրակոցներ կ՛ունենան բանտին հսկող ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ, որուն իբրեւ հետեւանք Մշայք կը վիրաւորուի եւ դարձեալ կը ձերբակալուի ապահովութեան ուժերուն կողմէ:

Ըստ ապահովական աղբիւրներուն,  փախուստ տուող արգելափակեալներուն կը սպասէր «Հիունտայ» տիպի ինքնաշարժ մը, որ Ղամրաուին եւ Խտըրը փոխադրած էր: Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ այդ հարցով բացուած հետաքննութիւնը տակաւին ընթացքի մէջ է:

Share this Article
CATEGORIES