ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսէն:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՓԵՆԹԱԿՈՆԻ բանբեր Էլիզապեթ Ռոպինզ շեշտեց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ լիբանանեան բանակին եւ լիբանանեան հաստատութիւններուն նկատմամբ իր զօրակցութեան:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եագուպ քուէյթեան «Տար» օրաթերթին յայտնեց, որ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին աւետիսներ պիտի լսուին անհետացած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն մասին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Ալեն Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան խորհրդարանը ոչ մէկ հարց պիտի ունենայ վաւերացնելու ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ոչ մէկ յաղթանակ արձանագրած է ելեկտրականութեան տագնապի լուծման թղթածրարին վաւերացումով` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի տապալի, երբ սուրիական վարչակարգը կարելի ըլլայ տապալել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի ցաւ յայտնեց, որ ոմանք տակաւին ամէն ջանք ի գործ կը դնեն պայքարելու Դիմադրութեան դէմ: Ան դատապարտեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դէմ կատարուած յարձակումները, որոնք կը միտին միջշիիական գերզգայնութիւն պատճառել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ դիտել տուաւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ սուրիական վարչակարգի փլուզման միակ այլընտրանքը քաոսն է` նկատել տալով նաեւ, որ անհրաժեշտ է առիթ տալ Դամասկոսի` բարեկարգումները գործադրելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի կարողութիւններուն եւ ծրագիրին վրայ գրաւ դնելով կարելի է հասնիլ միայն պատմութեան աղբանոցը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրի կոչ ուղղեց միջլիբանանեան ազգային շինիչ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ ժամանակը հասած է, որ լիբանանցիները մտածեն իրենց երկրին շահերուն եւ բարօրութեան մասին:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու հարցը Լիբանանի կառավարութեան կողմէ պիտի արժանանայ դրական լուծումի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաուուար Սահիլի ընդգծեց, որ Միջազգային դատական ատեանը ստեղծուած է քանդելու եւ պառակտելու համար Դիմադրութիւնը:

