ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅՆ ՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄՆԵՐԸ

Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի նկատմամբ ունեցած պատկերացումին մասին, թէ՛ պետական եւ թէ՛ անձնական բաժիններ ունի: Յայտարարութեան պետութեան վերաբերող բաժինը այն է, որ պետութիւնը հիմնովին վերլուծած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը` պետական ճիշդ որոշում ընդունելու համար, իսկ անձնական բաժինը` Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի հետ խիստ սերտօրէն կապուած եղած է  եւ այժմ ալ այդպէս է: Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր հայ բնակչութեան համար լաւագոյն լուծումը կրնայ ըլլալ կա՛մ Ղարաբաղի անկախութիւնը, կա՛մ ալ ապագային անոր միացումը` Հայաստանին:

Յստակ է ուրեմն, որ Ղարաբաղի կարգավիճակին նկատմամբ Ուրուկուէյի պետութեան կեցուածքը քննարկումի ենթակայ է եւ տրուած ըլլալով, որ այդ մասին բարձրաձայն յայտարարութիւն կը կատարուի, կեցուածքի ճշդումը անորոշ ժամանակի չի վերաբերիր, չըսելու համար, որ ուշ չէ:

Յայտարարութեան երկրորդ բաժինը թէեւ իբրեւ անձնական տեսակէտ կը ներկայացուի, այսուհանդերձ անմիջականօրէն կ՛առնչուի առաջինին: Ի վերջոյ, անձնական տեսակէտ յայտնողը պետութեան մը արտաքին գործոց նախարարն է, որ պաշտօնական յայտարարութիւն կը կատարէ եւ իր անձնական տեսակէտէն անմիջապէս առաջ կը խօսի իր պետութեան կատարելիքին մասին: Հետեւաբար երկրորդ բաժինը պարզապէս հիմնաւորումն է առաջինին, անձնական տեսակէտի տարազին տակ` խորքին մէջ ընդգծելով պետութեան տեսակէտը:

Տրուած ըլլալով, որ հարցը քննութեան տակ է եւ առ այդ պետութեան պաշտօնական տեսակէտը չէ ձեւակերպուած տակաւին, այդ պատճառով ալ արտաքին գործոց նախարարը պետութեան կատարելիքին եւ ըմբռնումներուն կու տայ անձնական տեսակէտի տարազը:

Այս յստակացումը կարեւոր է, որովհետեւ ազրպէյճանական լրատուադաշտը կ՛եռայ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութեան խեղաթիւրուած տարբերակներով: Երեւոյթը օրինաչափ է ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համար եւ արձանագրուածներն ալ ակնկալելի անշուշտ: Այստեղ չ՛արժեր անդրադառնալ ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան նորագոյն արտադրութիւններուն: Պարզապէս պէտք է կեդրոնանալ յայտարարութեան սպաներէն բնագիրին վրայ եւ անոր հարազատ թարգմանութիւնները տարբեր լեզուներով տարածել: Հետաքրքրական է, որ ցարդ լուռ է թրքական լրատուադաշտը:

Դիպաշարին հետեւողին համար կրնայ ծագիլ մտահոգութիւն, որ նախընտրելի պիտի ըլլար սպասել պետական որոշումին, որմէ ետք պէտք է կատարել յայտարարութիւններ եւ արտայայտել տեսակէտներ` կանխարգիլելու համար արտաքին ճնշումներու տարափը: Պարզ է, որ պաշտօնական Պաքուն ճնշումի ամէն միջոց պիտի գործադրէ արգելակելու համար առաջադրուած կեցուածքի որոշումը: Երեւոյթներն ու նախադրեալները ցոյց կու տան սակայն, որ պահը հասունցած է նման կեցուածք որդեգրելու: Այլապէս Ուրուկուէյի առաջին դիւանագէտը նման փութկոտութեան տեղի չէր տար: Մանաւանդ որ հաշուարկուած ձեւակերպումով պետական-անձնական բաժանումներու ենթարկած է յայտարարութիւնը:

Յայտարարութիւն կատարելու միջավայրն ու ժամանակը եւս պատահական չեն: Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպած խորհրդաժողովին պետական ներկայացուցչութեան ներգրաւուածութիւնը, քննարկուած հարցերու բնոյթը, ընտրուած ժամանակը եւ այդ բոլորէն ետք կատարուած կուռ, սակայն ուղղակի պատգամը փոխանցող այս յայտարարութիւնը կը նախանշէ, որ առաջին անգամ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւնը պատրաստ է դառնալու նաեւ Արցախի անկախութիւնը ճանչցող առաջին պետութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES