ԹԵՆԻՍ. ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ. ՍԹՈՍԻՒՐ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ` ՎԵՐՋ ԴՆԵԼՈՎ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ 38 ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՐԿԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄԻՆ
Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցող թենիսի Եու. Էս. Օփընի կրան շլեմի աղջկանց միջազգային մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` 9-րդ դասուած Սամանթա Սթոսիւրի (Աւստրալիա) եւ 28-րդ դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզի միջեւ:
Ամերիկացին, որ կը փորձէր չորրորդ անգամ ըլլալով տիրանալ այս մրցաշարքի տիտղոսին, ձախողեցաւ իրագործել իր նպատակը, որովհետեւ իր դէմ գտաւ պայքարող Սթոսիւրը, որ 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք տիրացաւ տիտղոսին: Ան այսպիսով տիրացաւ իր առաջին կրան շլեմի տիտղոսին:
27 տարեկան Սթոսիւր տիտղոսին տիրանալով յաջողեցաւ վերջ մը դնել Աւստրալիոյ 38 տարուան երկար սպասումին` նկատի ունենալով, որ վերջին անգամ 1973-ին էր, որ Մարկարեթ Քորթ Աւստրալիոյ համար ապահոված էր այս մրցաշարքին տիտղոսը:
Տիտղոսին տիրանալէ ետք Սթոսիւր ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ ունեցայ իմ լաւագոյն օրերէս մէկը: Երբ իբրեւ արհեստավարժ մարզիկ մուտք գործեցի թենիսի աշխարհ, կ՛երազէի այս օրը տեսնել: Այժմ իմ այդ երազս իրականացաւ Նիւ Եորքի մէջ»:



