ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՌՈՄԱՆ ԱՄՈՅԵԱՆ ԱՊԱՀՈՎԵՑ 1/8-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ
Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան արծաթէ եւ պրոնզէ մետալակիր եւ ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, հայրենի ըմբիշ Ռոման Ամոյեան երէկ 1/16-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին յաղթանակ արձանագրեց` պարտութեան մատնելով իր իտալացի մրցակիցը` Ֆետերիքօ Մանէան:
1/8-րդ հանգրուանին, Ամոյեան կը մրցի վրացի Լաշա Կոկիտածէի դէմ, որ երէկ յաղթեց Վուկար Ռակիմովի (Ուքրանիա):
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան 1-5-րդ դիրքը գրաւող ըմբիշները իրաւունք պիտի ունենան իրենց մասնակցութիւնը բերելու 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն:
CATEGORIES Մարզական