«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ԱՅՍՕՐ` ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ – Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏՈՒՄ
Այսօր` երեքշաբթի, 13 սեպտեմբերին կը սկսի խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքը:
Թէեւ այսօր, ինչպէս նաեւ վաղը տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ ճակատումներ, սակայն Ը. խմբակին մէջ կատարուելիք Պարսելոնա – Ա. Սէ. Միլան մրցումը պիտի ըլլայ ամէնէն աւելի ուշագրաւը եւ հետաքրքրականը:
Երկու կազմերը նախապէս իրարու դէմ յանդիման եկած են 9 անգամ: Պարսելոնա արձանագրած է 4 յաղթանակ, Միլան` 3, մինչ երկու մրցում վերջ գտած է հաւասարութեամբ:
Միլանօ քաղաքի կազմին համար այսօրուան այս մրցումը կը կարծուի ըլլալ քիչ մը դժուար` նկատի ունենալով, որ անիկա Սպանիա իր վերջին եօթը այցելութիւններէն միայն մէկուն յաղթանակ կրցած է արձանագրել, իսկ վեցէն չորսին ձախողած է որեւէ կոլ նշանակել:
Կը կարծուի, որ Պարսելոնա այդքան ալ դժուարութիւն չունենայ կոլ նշանակելու, որովհետեւ տիտղոսակիրը իր կատարած վերջին 21 մրցումներուն (այս մրցաշարքին գծով) բոլորին ալ յաջողած է կոլ նշանակել:
Նշենք, որ երկու խումբերն ալ նախորդ շաբաթավերջին ախոյեանութեան գծով իրենց կատարած մրցումներուն հաւասարութիւններ արձանագրեցին:
Այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն գծով հետաքրքրական հանդիպում մը կը խոստանայ ըլլալ Պորուսիա Տորթմունտ – Արսենալ մրցումը, իսկ վաղը` Պենֆիքա – Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Վիարէալ – Պայէրն Միւնիխ ճակատումները:
Ստորեւ կու տանք այսօր եւ վաղը տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (բոլոր մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ
Ե. ԽՄԲԱԿ
Չելսի – Պայէր Լեւերքուզըն
Կենք – Վալենսիա
Զ. ԽՄԲԱԿ
Պորուսիա Տորթմունտ – Արսենալ
Օլիմփիաքոս – Մարսէյ
Է. ԽՄԲԱԿ
Ափոյել Նիկոսիա – Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ
Փորթօ – Շախտիոր Տոնեցք
Ը. ԽՄԲԱԿ
Պարսելոնա – Ա. Սէ. Միլան
Վիքթորիա Փիզեն – ՊԱԹԷ Պորիսով
ՎԱՂԸ
Ա. ԽՄԲԱԿ
Մանչեսթըր Սիթի – Նափոլի
Վիարէալ – Պայէրն Միւնիխ
Բ. ԽՄԲԱԿ
Ինթեր Միլան – Տրապիզոնսփոր
Լիլ – Մոսկուայի Բանակայիններ
Գ. ԽՄԲԱԿ
Պալ – Օթելուլ Կալաթի
Պենֆիքա – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Դ. ԽՄԲԱԿ
Այաքս Ամսթերտամ – Լիոն
Տինամօ Զաղրեպ – Ռէալ Մատրիտ

