ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՎԱԶՔ` ԵԱՆԹԱ ԳԻՒՂԻՆ ՄԷՋ ԼԵՒՈՆ ԹԱՇՃԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ
Կիրակի, 11 սեպտեմբեր 2011-ին, Եանթայի քաղաքապետարանը կազմակերպած էր լեռնային վազք մը` 10 քմ երկարութեամբ:
Վազքը, որ կը հովանաւորէր Մարաթոն Պէյրութ միութիւնը, սկսաւ Եանթայի վարժարանին դիմացէն, Լիբանանի քայլերգով, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Լեռնային վազքին ներկայ էին 150 երկսեռ մարզիկներ:
Մարզիկները վազեցին Եանթայի լեռնային պողոտաներուն մէջէն: Վազքը աւարտեցաւ Եանթայի քաղաքապետարանին դիմաց: Լեւոն Թաշճեան, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Այնճարը, հանդիսացաւ առաջին` 45 վայրկեան արդիւնք մը: Մետալներու տուչութիւնը կատարուեցաւ ներկայութեամբ Մէյ Խալիլի (Մարաթոն Պէյրութի ընդհանուր պատասխանատու), ինչպէս նաեւ շրջանի երեսփոխաններուն եւ պատասխանատուներուն: Մարզիկները հիւրասիրուեցան քաղաքապետութեան կողմէ եւ ունեցան մարզական հաճելի պահեր:
CATEGORIES Մարզական

