ՖԻՖԱ-ԻՆ ԿՈՂՄԷ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 21 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԵԼԻՔ ՆՈՐ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԳՐԱՒԷ 44-ՐԴ ԴԻՐՔԸ
Ինչպէս ծանօթ է, իւրաքանչիւր ամիս ՖԻՖԱ-ն կը հրապարակէ աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը:
Հակառակ անոր որ նոր դասաւորումը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ 21 սեպտեմբերին, սակայն այժմէն իսկ յստակ է, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը պիտի գրաւէ 44-րդ դիրքը:
www.football-rankings.info կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ օտար դաշտերու վրայ Հայաստանի արձանագրած վերջին երկու յաղթանակները` Անտորրայի եւ Սլովաքիոյ դէմ, անոր ապահոված են 157 կէտ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անիկա 27 դիրքի ոստում մը արձանագրելով պիտի գրաւէ 44-րդ դիրքը (այժմ` 71-րդ):
Հայաստանի ֆութպոլի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան պիտի տեսնուի առաջին յիսունին մէջ:
Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, Հայաստանի խմբակին մաս կազմող խումբերուն մէջ ամէնէն բարձր դիրքին վրայ պիտի գտնուի Ռուսիա (13-րդ), ապա յաջորդաբար` Այիր (29-րդ) եւ Սլովաքիա (39-րդ): Մակեդոնիա եւ Անտորրա յաջորդաբար պիտի գրաւեն 94-րդ եւ 203-րդ դիրքերը:
Առաջին դիրքը Սպանիա պիտի խլէ Հոլանտայէն:
Նշենք, որ վերոնշեալ կայքէջին հաշիւները միշտ ալ տուած են դրական արդիւնքներ: