ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՏԻԱՐ»
– Ակնարկ` «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեանի «Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները. ճշմարտութի՞ւն, թէ՞ խաբէութիւն» արաբերէն գիրքի շնորհահանդէսին:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Նահար», «Սաֆիր» եւ «Մուսթաքպալ» օրաթերթերը):
«ՆԱՀԱՐ»
– Անդրադարձ. ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան կը շեշտէ Լիբանանի մէջ արտածման սեփական հաստատութիւններ հիմնելու անհրաժեշտութիւնը:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Սաֆիր», «Սատա Պալատ», «Տիար», «Անուար» եւ «Շարք» օրաթերթերը):
– Լրատուութիւն այն մասին, որ Սանայէհի զբօսայգիին մէջ սկիզբը տրուեցաւ համացանցի ծառայութեան ձրի դրութեան` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուիի եւ «Սոտեթել» ընկերութեան տնօրէն Փաթրիք Ֆարաճեանի կողմէ:
(Նոյն լուրին անդրադարձած է նաեւ «Տիար» օրաթերթը):
«ՍԱՖԻՐ»
– Անդրադարձ. Թուրքիոյ մէջ ծագած է արտակարգ բանավէճ այն մասին, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը կ՛ամբաստանէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին զօրակցելու յանցանքով: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ամբաստանութիւնները կը շեշտեն նաեւ, որ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ցուցաբերած այս զօրակցութեան աղբիւրը յարանուանական ալեւիական դիտանկիւնէ մեկնելով կարելի է բացատրել:
– Հարցազրոյց Թրիփոլիի «Ֆէյհա» երգչախումբի խմբավար Պարգեւ Թասլաքեանի հետ, որ խօսած է երգչախումբին ներկայացուցած իւրայատուկ արուեստին մասին, ինչպէս նաեւ ընդգծած, որ խումբը ունի իր համաշխարհային կշիռը` աւելցնելով, որ այդ առումով տքնաջան աշխատանքը պիտի շարունակուի, որպէսզի մնայուն կերպով ունկնդիրներուն նորութիւններ ներկայացուին:
«ՇԱՐՔ»
– Լրատուութիւն այն մասին, որ Թուրքոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան կը հաստատէ, որ թրքական ծովուժը իր ներկայութիւնը պիտի ամրապնդէ եւ հզօրացնէ Միջերկրականի մէջ:
«ՀԱՅԱԹ»
– Անդրադարձ. Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտարարեց, որ Իսրայէլի դէմ թրքական իշխանութիւններուն ճշդած կարծր կեցուածքներուն իբրեւ պատասխան, Թել Աւիւ պիտի զօրակցի Հայկական եւ քրտական հարցերուն լուծման:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Սաֆիր», «Լիուա», «Նահար», «Մուսթաքպալ» եւ «Սատա Պալատ» օրաթերթերը):
– Լրատուութիւն. Թուրքիա կը փափաքի հիւսիսային Իրաքի մէջ զինուորական խարիսխ մը հիմնել: