ՆԱԽԱՐԱՐ ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՈՒՐԻԱ
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Ասատ Ղոսընի յայտնեց, որ լիբանանեան եւ սուրիական բանակներուն միջեւ գործակցութեան շնորհիւ կարելի եղած է ձախողեցնել Լիբանանէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգումը:
Նշենք, որ հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Ղոսըն յայտնեց, որ Դամասկոս տուած իր այցելութեան նպատակն է լիբանանեան-սուրիական երկկողմանի յարաբերութիւններուն բարելաւումը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդումը:
Ղոսըն նկատել տուաւ, որ սուրիացի ժողովուրդին կամքը ամուր է եւ ան կրնայ իրեն դէմ նիւթուած բոլոր դաւադրութիւնները ձախողեցնել, յատկապէս այն դաւադրութիւնները, որոնք թիրախ կը դարձնեն լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
«Սուրիա մնայուն կերպով պիտի մնայ կայուն եւ պիտի կարենայ դիմադրել իր ապահովութեան սպառնացող մարտահրաւէրներուն», ըսաւ Ղոսըն:
Պաշտպանութեան նախարարը խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու քայլերը. ան շեշտեց, որ պատժամիջոցներու այս քաղաքականութիւնը ոչինչ պիտի փոխէ Դամասկոսի ազգային վարքագիծէն եւ ոչ մէկ ձեւով պիտի ազդէ արաբական աշխարհին մէջ Սուրիոյ ունեցած ռահվիրայի դերակատարութեան վրայ:
Միւս կողմէ, պէտք է նշել, որ Ղոսընի Սուրիա կատարած այցելութիւնը կու գայ սուրիացի իր պաշտօնակիցին զօր. Տաուտ Ռաժհայի հրաւէրին ընդառաջելու շրջագիծին մէջ:
Մասնայի սահմանին վրայ երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին Ղոսըն դիմաւորուեցաւ Ռաժհայի կողմէ, եւ հանգիստի կարճ դադարէ մը ետք պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոն, ուր երկկողմանի հանդիպումը ստացաւ աւելի ընդարձակ բնոյթ:
Ղոսըն դրուատեց սուրիական իշխանութիւններուն գործադրած բարեկարգումի կարեւոր քայլերը, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կախեալ է Սուրիոյ ապահովական կայունութենէն:
Հանդիպումին աւարտին լիբանանեան եւ սուրիական կողմերը հաստատեցին, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ ապահովական կայունութեան պիտի հսկեն իւրաքանչիւր երկրի բանակները` պահպանելով երկկողմանի փոխադարձ գործակցութիւնը