«ԻԲՐԵՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀ` ԼԻԲԱՆԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈԼՈՐ ԲԱՆԱՁԵՒԵՐՈՒՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ

Դեսպան Փիեթոն եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Միքաթիի հետ հանդիպում ունենալէ ետք Փիեթոն շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Ֆրանսա կատարած այցելութիւնը յաջող էր եւ կարեւոր:

Փիեթոն ցաւ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին Փարիզէն յայտարարած կեցուածքները Լիբանանի մէջ քաղաքական երկփեղկումը աւելի եւս խորացուցած եւ արմատացուցած են:

Փիեթոն նշեց նաեւ, որ Ռայի պատրիարքին Ֆրանսա կատարած այցելութիւնը նաեւ առիթ մըն էր, որ Փարիզ վերյիշէ, թէ ինք պէտք է զօրակցի լիբանանցիներուն եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ֆրանսական ջոկատը պահէ` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան շրջագիծին մէջ:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանան ժամանած Սուտանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Ահմետ Քարթին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սուտանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ Խարթում կը մաղթէ, որ Լիբանան տնտեսական զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերէ Սուտանի նկատմամբ:

Թրիփոլիի եւ Հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար եւս այցելեց վարչապետարան, ուր յայտնեց, թէ ինք շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին Տար Ֆաթուայի մէջ Թրիփոլիի վերաբերող իրենց բոլոր ծրագիրներուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան առնչութեամբ:

Միքաթիի այցելեց նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել: Քննարկուեցան կառավարութեան վերաբերող շարք մը վարչական հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նոր նշանակուած դեսպան Եուսեֆ Ալի Ասէյմի, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:

Միւս կողմէ, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ կիրակի երեկոյեան ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ իբրեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ երկիր Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային բոլոր բանաձեւերուն գործադրութեան:

Միքաթի շեշտեց, որ ինք ոչ մէկ ձեւով առիթ պիտի տայ թշնամի Իսրայէլին խաղաղութեան օրերուն Լիբանանէն ստանալու այնպիսի բարիքներ, որոնց կարելի չեղաւ տիրանալ պատերազմով:

«Անկարելի է, որ ես առիթ տամ Լիբանանի դէմ միջազգային պատժամիջոցներու որդեգրման», հաստատեց Միքաթի` շեշտելով, որ նման որեւէ միջոցառում պիտի ծառայէ Իսրայէլի շահերուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES