50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆԻ
ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ
Տարիներու ընթացքին հազարաւորներ այցելած են Խաչատուր Աբովեանի տունը, որ թանգարանի վերածուած է գեղեցիկ մտածումով մը: Երեւանի թերթերը գոհունակութեամբ կը նշեն թանգարանի վարչութեան գործունէութիւնը` թանգարանը մեծցնելու եւ հարստացնելու ուղղութեամբ: Արդէն ձեւաւորուած եւ նոր նիւթերով հարստացուցած են «Վէրք Հայաստանի» բաժինը ու կ՛աշխատին նոր բաժիններու վրայ` «Աբովեան եւ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը», «Խ. Աբովեան իբրեւ մանկավարժ» եւ այլն: Թանգարանը Տարուիէն (Դորպատ) ստացած է նոր նիւթեր` Աբովեանի եւ անոր ժամանակակիցներուն վերաբերեալ, իսկ Հայաստանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանէն` փաստաթուղթեր, որոնց մէջ կը գտնուի Աբովեանի կնոջ` Էմիլիա Աբովեանի բողոքագիրը Երեւանի ոստիկանապետին` իր ամուսնոյն անհետացման առնչութեամբ: Նիւթեր ստացած են նաեւ Մատենադարանէն:
ՄԱՀ` ՓՐՈՖ. Ղ. ՇԱՔԱՐԵԱՆԻ
Փրոֆ. Շաքարեան հիմնադիրն ու վարիչն էր Երեւանի համալսարանի տնտեսութեան եւ վարկի ամպիոնին: Ծնած էր Շուշի, 1900-ին: Նախ կ՛աշակերտէ տեղւոյն Ռէալական դպրոցին, իսկ 1919-ին կը մտնէ Թիֆլիսի Գեղարուեստից վարժարանը, որմէ ետք 1924-ին, պատասխանատու պաշտօնի անցած է Հայաստան:
1947-ին Ղ. Շաքարեան արժանացաւ տնտեսական գիտութիւններու տոքթորի գիտական աստիճանին եւ փրոֆեսէօրի տիտղոսին:
ՀԱՅՐԵՆԻ ՍԵԽԸ
Հակառակ կլիմայական յարմարութեան` Հայաստան ցարդ զուրկ եղած է սեխի մշակումէն: Արարատեան դաշտին մէջ այժմ կը մշակուի «Շալախ» կոչուած սեխի տեսակ մը, որ ուշ հասնելէն զատ, նաեւ անհամ է: Ահա թէ ինչո՛ւ Երկրագործութեան հիմնարկութիւնը տարիներէ ի վեր փորձեր եւ աշխատանքներ կը կատարէ վաղահաս եւ քաղցր սեխ հասցնելու ուղղութեամբ: Փորձերը յաջողութեամբ պսակուած են, քան որ Էջմիածինի Հայթաղ գիւղին մէջ կարելի եղած է հասցնել սեխի տեսակ մը (թիւ 15), որ ոչ միայն շուտ կը հասուննայ, այլ եւ անուշ հոտ եւ համ ունի:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԵԿՈՅ
Լենինականի (Գիւմրի, Ա.) օփերայի սրահին մէջ երեք օր համերգներով հանդէս եկած են Հայֆիլհարմոնիայի մենակատարները, որոնք կատարած են հայկական ժողովրդական երգեր եւ հայ երգահաններու գործեր:
ՃԱՐՊԻԿ «ԳՐԱԳԷՏ»Ը
Երեւանի «Գրական թերթ»ը (յուլիս 21) յաջողած է ճարպիկ բանագողի մը օձիքը բռնել, այս անգամ` ոմն Գասպարեան: Այս չակերտաւոր գրագէտը յիշեալ շաբաթաթերթին խմբագրութեան ղրկած է պատմուածք մը, որ գրեթէ բառ առ բառ ընդօրինակութիւնն է մէկ տարի առաջ նոյն թերթին մէջ լոյս տեսած ուրիշ պատմուածքի մը, Անահիտ Սիկոյեանի «Բարի լոյս, Երեւան»:
ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ
Այս մակդիրը կու տան Հայաստանի պարի պետական խումբին` մէկ կողմէ պարողներուն եւ պարուհիներուն երիտասարդ տարիքին, միւս կողմէ` անոնց ցոյց տուած խանդ ու եռանդին համար:
Երկու տարուան կարճ կեանք ունեցող պարախումբին վիճակուած է մօտերս այցելել միջինարեւելեան կարգ մը երկիրներ` Սուրիա, Կիպրոս, Իրաք, Լիբանան եւ Եգիպտոս, ներկայացնելու համար դարերու խորքէն եկող, սակայն միշտ թարմ ու երիտասարդ հայկական պարերը:
ԲԱՄՊԱԿԱՑԱՆ ՆՈՐ ՄԵՔԵՆԱՅ ՄԸ
Գիւղատնտեսութեան մէջ ներկայիս օգտագործուող բոլոր բամպակացան մեքենաներն ալ ունին հիմնական թերութիւն մը` ակօսներուն մէջ կը թափեն անորոշ քանակութեամբ սերմ: Ծիլերը ծլելէն ետք պէտք է նօսրացնել եւ ակօսներուն մէջ ձգել անհրաժեշտ քանակութեամբ ծիլեր միայն: Այս անպատեհութեան առաջքը կ՛առնէ Կ. Ղուլարեանին մշակած բամպակացան նոր մեքենան, որուն փորձերը ցոյց տուին, որ նոր մեքենային օգնութեամբ ակօսներուն մէջ կարելի է ցանել փափաքուած քանակութեամբ սերմ, մեծ ճշգրտութեամբ: Մեքենան ելեկտրականութեամբ կը գործէ եւ ծանրութիւնը 120 քիլոկրամ է:
ՆԵՐԿ` ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՂՈՂԷՆ
Հրուշակեղէնը, քարամելը եւ ասոնց նման անուշեղէնները գունազարդելու համար ցարդ կը գործածուէր քիմիական բաղադրութիւն մը` «ամարանդ»: Այժմ, շնորհիւ նոր մշակուած եղանակի մը, կարմիր ներկ կարելի է ստանալ կարմիր խաղողի տեսակներէն:
Նոր ներկին այս տարուան արտադրութիւնը պիտի ըլլայ 30 թոն, որ պիտի պատրաստուի Արտաշատի, Դալարի, Գետափի, եւ Վերին Արտաշատի գինիի գործարաններուն մէջ:
ԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի մէջ ստեղծուեցաւ մետաղահատ հաստոցներու փորձառական գիտահետազօտական հիմնարկութեան անդրկովկասեան ճիւղը: Գիտական այս նոր հիմնարկութիւնը գլխաւորաբար պիտի զբաղի տարբեր կազմ ունեցող դերձայնային եւ մանրաճշգրիտ հաստոցներ ստեղծելու գործով: