ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻՆԵՐՈՒ ՏՈՀՄԸ

– ԱՆԻ` ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ

Սմբատաբերդ

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ տիրական դերակատարութիւն ունեցած աշխարհաշէն տոհմ են Բագրատունիները: Ուրարտական ժամանակներէն սկսեալ, անոնք Արտաշէսեաններու եւ Արշակունիներու օրով եւ մարզպանական Հայաստանի մէջ ամէնէն ազդեցիկ քաղաքական եւ զինուորական ուժերէն էին, իսկ արաբական տիրապետութեան ժամանակ, յատկապէս Մամիկոնեաններու եւ Կամսարականներու քաղաքական ասպարէզէն հեռացումէն ետք դարձան ամէնէն հեղինակաւոր նախարարութիւնը եւ հիմը դրին Բագրատունեաց թագաւորութեան: Անի դարձաւ շէն ու բարգաւաճ մայրաքաղաք:

ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻՆԵՐՈՒՆ ԾԱԳՈՒՄԸ

Հայ ազնուական ամէնէն հին եւ մեծ տոհմերէն են Բագրատունիները: Ըստ պատմահայր Մովսէս Խորենացիի, տոհմին նախահայրը հրեայ Շամբատն է, որ Երուսաղէմի նուաճման ժամանակ գերի ինկած էր Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը: Հայոց Հրաչեայ թագաւորին խնդրանքին վրայ Նաբուգոդոնոսոր ազատ արձակեց զայն եւ ուղարկեց Հայաստան: Իսկ Վաղարշակ թագաւոր Շամբատի ցեղէն Բագրատին թագադիր ասպետութեան կոչում շնորհեց:

Բագրատունիներու ծագման մասին այլ աւանդութիւն մը, որ կցուած է Սեբէոսի պատմութեան, կ՛ըսէ, որ տոհմը սերած է Արամանեակէն, որուն շառաւիղներէն էր Զարեհ, եւ այնուհետեւ որդի ի հօրմէ յաջորդութեամբ` Արմոգ, Սարանգ, Շաւարշ, Փարնաւազ, Բագարատ, Բիւրատ եւ Ասպատ: Բագարատ թագադրեց Տրդատ Ա. թագաւորը եւ բազմեցուց գահին վրայ: Անոնց տոհմական տիրոյթը դարձաւ Աղձնիք նահանգին Անգեղ տուն գաւառը: Բագարատ հաւանաբար Տիգրան Մեծի զօրավարներէն մէկն էր, որ երկար ժամանակ Ասորիքի եւ Հրէաստանի մօտիկ երկրամասերուն մէջ պաշտօնավարած է. բան մը, որ հետագային հիմք ծառայած է տոհմին հրէական ծագման աւանդութեան:

Բագրատունիներու ծագման արմատները կ՛երկարին նաեւ մինչեւ ուրարտական ժամանակները, եւ Ուրմիոյ լիճի ափերուն գտնուող Մանա երկրի թագաւոր Բագադատի հաւանաբար առնչութիւն ունի Բագրատունիներուն հետ:

Պատմական տարեգրութիւններու համաձայն, Բագրատունիները եւ Երուանդունիները նոյն արմատէն ճիւղաւորուած են:

Բագրատունիներու տոհմի անուանադիր կարելի է նկատել ուրարտական Մուսասիր երկրի Բագբարտու աստուածուհին: Իսկ Բագբարտու անունը կարելի է բացատրել իբրեւ բագ` աստուած, բար` բերք, այսինքն` պտղաբերութեան աստուածուհի: Հնչիւնաբանական օրինաչափութեամբ Բագբարտուէն յառաջացած է Բագարատ, Բագրատունի, իսկ ունի կը նշանակէ տոհմ:

ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑԻԿ ՏՈՀՄ

Դարոյնք

Բագրատունեաց տոհմի նախնիներէն Ախշահրսարտ Արտաշէս Ա. թագաւորին օրով (Ն.Ք. 189-160) թագադիր ասպետ եղած է: Անոր զաւակն է Նիկեփոր, որ հաւանաբար նոյն Սմբատ Բագրատունին է: Սմբատ Բագրատունի Արտաշէս թագաւորին դայեակն էր. Երուանդ թագաւորի հալածանքներուն պատճառով փախցուց զայն Պարսկաստան, ապա երկուքը միասին վերադարձան Հայաստան եւ պարտութեան մատնեցին Երուանդի բանակը: Սմբատ Բագրատունիի օժանդակութեամբ գահ բարձրացաւ Արտաշէս Ա.:

Բագրատունիները քաղաքական եւ զինուորական ազդեցիկ ուժ էին Արտաշէսեաններու եւ ապա Արշակունիներու օրով եւ այնուհետեւ ալ մարզպանական Հայաստանի մէջ: Անոնց կը պատկանէր թագադիր ասպետութեան բարձր պաշտօնը եւ որոշ ժամանակներ ալ` սպարապետութիւնը: Հայ նախարարներուն կարգը ճշդող գահնամակին մէջ Բագրատունիները առաջինը կը նկատուէին, իսկ զօրանամակին համաձայն 1500 կռուող ունէին: Զինանշանը` զոյգ առիւծներ, անոնց միջեւ` կենաց ծառ, ծառին ներքեւ` օձեր, իսկ առիւծներուն վրայ` գունդեր:

Բագրատունիներուն տոհմական հնագոյն տիրոյթներն էին` Անգեղ տուն, Բագրեւանդ, Կոգովիտ եւ Սպեր: Արշակունեաց թագաւորութեան ժամանակ անոնք կեդրոնացած էին Բարձր Հայքի Սպեր գաւառին մէջ, իբրեւ կեդրոն ունենալով Սմբատաբերդը:

Այրարատեան աշխարհին մէջ, Արածանիի գլխաւոր երկու վտակներու աւազանին մէջ գտնուող Բագրեւանդ գաւառը Բագրատունիներու տոհմի ձեւաւորման գլխաւոր կեդրոնը կամ կեդրոններէն մէկն էր, եւ գաւառին ու տոհմին անունը նոյն արմատէն սերած է: Գլխաւոր բնակավայրերէն էր Բագաւան, Նպատ լերան ստորոտին, Արածանիի ձախ ափին: Իսկ Կոգովիտ կը գտնուի Մակու գետի ափերուն. հոն կը գտնուէր Դարոյնք ամրոցը (ներկայ Պայազիտ), որ նախապէս Արշակունիներուն կը պատկանէր եւ հետագային անցաւ Բագրատունիներուն:

Սմբատ Ասպետ Բագրատունի Պապ թագաւորին օրով սպարապետ եղաւ եւ անոր գլխաւորութեամբ հայոց զօրքը պարսիկներուն դէմ փայլուն յաղթանակ տարաւ Ձիրաւի ճակատամարտին:

Սահակ Ասպետ Բագրատունի Սասանեան Պարսկաստանի եւ Բիւզանդիոնի միջեւ Հայաստանի 387-ի բաժանումէն ետք սկիզբը Արշակ Գ. թագաւորին հետ էր, յետոյ անցաւ Խոսրով Գ.ի մօտ եւ սպարապետ եղաւ:

Տիրոց Բագրատունի Վարդանանց պատերազմին ժամանակ մարզպան Վասակ Սիւնիի համախոհներէն էր:

Սահակ Բագրատունի 482-ին Հայաստանի մարզպան եղաւ, գործօն մասնակցութիւն բերաւ Վահանեան պատերազմին եւ նահատակուեցաւ Ճարմանայնի ճակատամարտին: Անոր պատուէրով Մովսէս Խորենացի գրեց հայոց պատմութիւնը:

Սմբատ Բագրատունի Բիւզանդիոնի Մորիկ  կայսեր (582-602) դէմ ապստամբական շարժման ղեկավարը եղաւ: Հայաստանի ռազմական ուժը տկարացնելու դիտաւորութեամբ նախարարական զօրամասերը կը տեղափոխուէին Թրակիա եւ այլ վայրեր, ուր անոնք ստիպուած էին մասնակցելու սահմաններուն վրայ մղուող անվերջանալի պատերազմներուն: Սմբատ Բագրատունիի զօրամասը Խաղտիք հասնելով ըմբոստացաւ եւ չշարունակեց ճանապարհը: Կայսրը շռայլ խոստումներով ապակողմնորոշեց հայ զինուորները, իսկ Սմբատ Բագրատունի ուղարկուեցաւ Հայաստան: Նոր ապստամբութեան մը նախապատրաստման պայմաններուն տակ Սմբատ ձերբակալուեցաւ եւ Պոլիս տարուեցաւ, ուր պալատական դատարանի որոշումով կրկէսին մէջ գիշատիչ գազաններու դէմ պէտք է մենամարտէր: Յաղթեց երեք գազաններու, որոնց շարքին` առիւծին եւ Մորիկ կայսր ներում շնորհեց անոր:

Սմբատ Բազմայաղթ պարսից Խոսրով Փարվէզ թագաւորին մօտ ծառայութեան մտաւ, յաղթական պատերազմներ մղեց քուշաններու եւ այլ ցեղերու դէմ եւ 600-ին Վրկանի եւ 607-ին ալ Հայաստանի մարզպան եղաւ: Քաջագործութիւններուն համար թագաւորէն ստացաւ Խոսրով Շում (Խոսրովի ուրախութիւն) պատուանունը: Եկեղեցաշէն գործունէութիւն ունեցաւ եւ փորձեց արգելք հանդիսանալ հայ եկեղեցիէն վրաց եկեղեցւոյ բաժանումին:

Վարազ-Տիրոց, Սմբատ Բազմայաղթի զաւակը, 628-632-ին Հայաստանի մարզպան եղաւ: Յետոյ Կոստանդնուպոլիս գնաց եւ Հերակլ կայսրէն պատրիկի կոչում ստացաւ: Կայսեր դէմ կազմակերպուած անյաջող դաւադրութենէն ետք Ափրիկէ աքսորուեցաւ: Հերակլի մահէն ետք, 641-ին վերադարձաւ Կոստանդնուպոլիս, իսկ 645-ին փախաւ Հայաստան եւ դարձաւ հայոց իշխան:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

Սպերի բերդը

Հայաստանի վրայ արաբական տիրապետութեան հաստատումէն ետք Բագրատունիներուն քաղաքական դերակատարութիւնը շեշտուեցաւ: Անոնք իրենց իշխանութիւնը ամրապնդեցին Այրարատեան նահանգին մէջ, իբրեւ կեդրոն ունենալով Դարոյնք ամրոցը:

Աշոտ պատրիկ 685-689 տարիներուն հայոց իշխան եղաւ, Դարոյնքի մէջ եկեղեցի կառուցեց եւ զոհուեցաւ արաբներու դէմ մղուած մարտի մը ժամանակ:

Սմբատ Բիւրատեան, Վարազ-Տիրոցի զաւակը, 691-726 տարիներուն հայոց իշխան եղաւ: Արաբական խալիֆայութեան յարաբերաբար մեղմ եւ հանդուրժողական քաղաքականութիւնը փոխուեցաւ եւ կրօնական հալածանքներ սկսան: Սմբատ իշխանի գլխաւորութեամբ 703-ին ապստամբութիւն բարձրացաւ. Վարդանակերտի ճակատամարտին արաբները ծանր պարտութիւն կրեցին, եւ այդ առիթով Բիւզանդիոնի կայսրը Կիւրաղապատի կոչում շնորհեց Սմբատի: Տայքի Թուխարք ամրոցին մէջ կեդրոնանալով Սմբատ շարունակեց պայքարը, բայց 705-ին պարտուեցաւ. նոյն ժամանակ Նախիջեւանի եւ Խրամի եկեղեցիներուն մէջ մեծ թիւով նախարարներ հրկիզուեցան:

Աշոտ Կոյր, Սմբատի թոռը եւ Վասակի զաւակը, 732-750 տարիներուն հայոց իշխան եղաւ: Իր խնդրանքով խալիֆայութիւնը հայկական հեծելազօրքին վարձքը վճարեց: 737-ին մասնակցեցաւ Մրուան ոստիկանի խազարներու  դէմ արշաւանքին: Մամիկոնեաններուն գլխաւորութեամբ նախապատրաստուող ապստամբութեան Աշոտ սկիզբը ստիպուած միացաւ, բայց յետոյ հեռացաւ, որուն պատճառով ալ Գրիգոր Մամիկոնեան կուրցուց զայն:

Սմբատ, Աշոտ Կոյրի զաւակը, սպարապետ եւ 770-ին ալ հայոց իշխան եղաւ: Գործօն մասնակցութիւն բերաւ խալիֆայութեան դէմ 774-775-ի մեծ ապստամբութեան եւ նահատակուեցաւ Բագրեւանդի 775-ի ճակատամարտին: Եղբայրը` Վասակ, արաբներու հետապնդումներէն խուսափելով անցաւ Կղարջք, ուր առանձին իշխանութիւն հիմնեց Արտանուշ կեդրոնով: Վասակի թոռը եւ Ատրներսեհի զաւակը` Աշոտ վրաց իշխան եղաւ եւ Բիւզանդիոնի Լեւոն Ե. կայսրէն կիւրաղապատի կոչում ստացաւ. զոհուեցաւ 830-ին, արաբներու հետ ընդհարման ժամանակ: Անոր թոռնորդի Ատրներսեհ 899-ին Վրաստանի թագաւոր եղաւ: Վրաց Բագրատունիներու թագաւորութիւնը գոյատեւեց մինչեւ 19-րդ դար:

Աշոտ Մսակեր, Սմբատ Բագրատունիի զաւակը եւ Աշոտ Կոյրի թոռը, 806-826 տարիներուն հայոց իշխան եղաւ: Զգալիօրէն ընդարձակեց տոհմական տիրոյթները, Կամսարականներէն գնեց Շիրակն ու Արշարունիքը եւ Մամիկոնեաններէն առաւ Տայքի մէկ մասը: Տոհմական տիրոյթներուն միացուց նաեւ Տարօնն ու Մոկքը: Երկար պայքար մղեց կայսիկ ցեղի առաջնորդ Ջահապի դէմ եւ եղբօր` Շապուհ սպարապետին հետ միասնաբար պարտութեան մատնեց զայն: Աշոտ Մսակերի զաւակներն են` Բագարատ, Սմբատ, Սահակ, Դաւիթ եւ Հռիփսիմէ:

Բագարատ 826-851 տարիներուն հայոց իշխանաց իշխան եղաւ. խալիֆայութեան դէմ ըմբոստութիւն մը կազմակերպեց, ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ. մահացաւ աքսորի մէջ:

Սահակ Տարօնի իշխան եղաւ եւ իր իշխանութիւնը տարածեց նաեւ Մոկքի վրայ:

Սմբատ Խոստովանող սպարապետ եղաւ, արաբներուն նկատմամբ զգուշ քաղաքականութիւն վարեց եւ խալիֆային հանդէպ իր հաւատարմութիւնը ցոյց տալու համար 852-ին հարկադրաբար միացաւ 851-ի ապստամբութիւնը ճնշելու առաջադրանքով Հայաստան մտած Բուղայի բանակին: Բուղա 855-ին ետ կանչուեցաւ, բայց վերադառնալով իր հետ տարաւ գերուած հայ իշխաններ, որոնց շարքին նաեւ Սմբատը: Կրօնափոխութեան պահանջը մերժելով Սմբատ մահացաւ բանտի մէջ:

ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԵԱՑ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ

Անի

Աշոտ, Սմբատ Խոստովանողի զաւակը, 862-ին իշխանաց իշխան եղաւ: Քաղաքական արեւելումով հետեւեցաւ հօրը ուղեգիծին` հանդարտեցնել երկիրը եւ անոր տալ օրինապահ հպատակի կերպարանք: Իր շուրջ համախմբեց հայ իշխանները, իսկ Արծրունիներուն եւ Սիւնիներուն հետ խնամիական կապեր հաստատեց. դուստրերէն Սոփի Արծրունի Գրիգոր-Դերենիկ իշխանին կինն էր, իսկ Մարիամ` Գեղարքունիքի իշխան Վասակ-Գաբուոյի կինն էր: 885-ին ան հիմը դրաւ Բագրատունեաց թագաւորութեան եւ մեծ հանդիսաւորութեամբ Բագարանի մէջ թագաւոր օծուեցաւ Աշոտ Ա. անունով: Մահացաւ 890-ին:

Սմբատ Ա. թագաւոր (890-914), Աշոտ Ա.ի յաջորդն ու զաւակը, մայրաքաղաքը տեղափոխեց Երազգաւորս, ամրապնդեց թագաւորական իշխանութիւնը եւ երկար պայքար մղեց թշնամիներուն դէմ: Զաւակը` Աշոտ Բ. Երկաթ թագաւոր (914-929) իրերայաջորդ հարուածներով ընկճեց թշնամիները եւ վերականգնեց թագաւորութեան քաղաքական դիրքը: Աբաս թագաւոր (929-953) Աշոտ Բ.ի եղբայրը, մայրաքաղաքը տեղափոխեց Կարս եւ խաղաղութեամբ կառավարեց երկիրը:

ԱՆԻ` ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ

Աշոտ Գ. Ողորմած գահ բարձրացաւ 953-ին, Կարսի մէջ, յաջորդելով հօրը` Աբասի: 961-ին ան արքունիքը տեղափոխեց Անի: Նոր մայրաքաղաքի հռչակման կապակցութեամբ Անիի մէջ կազմակերպուեցան մեծ հանդիսութիւններ: Թէեւ Աշոտ Գ. 953-ին արդէն թագաւոր օծուած էր, բայց 961-ին կրկին օծուեցաւ Անիի մէջ, «Ի գահոյս առաջին թագաւորացն հայոց ազգիս»: Օծման ներկայ էին բազմաթիւ հայ իշխաններ, եկեղեցականներ եւ օտար հիւրեր: Տեղի ունեցաւ զօրահանդէս. շքերթին մասնակցեցան նաեւ մարզպետական եւ արքունական գունդերը:

Դրացի երկիրները` Աբխազիա, Բիւզանդիա, խալիֆայութիւնը եւ արաբական ամիրայութիւններ մաղթանքներ եւ նուէրներ ուղարկեցին հայոց թագաւորին:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES