ԶԵԿՈՅՑ` ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ Գ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Համագումարի քննարկման դրուած օրակարգին ընթացքով, յարգարժան քարտուղարութիւնը մեզի առաջարկած է ուսումնասիրութեամբ մը անդրադառնալ «Խօսակցական եւ գրական արեւմտահայերէնի բիւրեղացման ծրագրի յստակացում եւ մշակում» նիւթին կապակցութեամբ:

Մինչ այդ, սակայն, հաստատենք, որ անցնող աւելի քան մէկուկէս դարերու ընթացքին արեւմտահայերէնը արդէն նուաճած է խօսակցական եւ գրական բիւրեղեայ մակարդակ:

Բազմահարիւր մշակներ, տաղանդաւորներ հասցուցած են զայն մաքրամաքուր եւ նախանձելի բարձունքներու:

Մեր լեզուն իր նրբութեամբ, ճկունութեամբ, մարդկային-ընկերային բոլոր տեսակի զգացմանց, գաղափարներու, բառստեղծման կամ բանստեղծման կարելիութիւններով եւ հօրենական գրաբարի հարուստ ժառանգականութեամբ օժտուած` յաջողած է գոհացնել ժողովուրդի եւ մտքի ամէնէն շնորհալիներն իսկ` Դուրեան, Վարուժան, Սիամանթօ, Թէքէեան, Զարիֆեան, Զարդարեան եւ այլք:

Այսօր, իմ համոզումով, պէտք է միայն բիւրեղացնել այն բոլոր պատճառները, որոնք մեր հրաշալի լեզուին ընթացքը կը ջանան խափանել:

Պէտք է բիւրեղացնել այն բոլոր կարելիութիւններն ու միջոցառումները, որոնք կրնան, իր աննկուն ցեղին պէս, իր` արեւմտահայերէնի երթը աշխուժացնել եւ պայքարիլ այն բոլոր երեւոյթներուն դէմ, որոնք կը խոչընդոտեն զայն:

Գոհունակութեամբ կ՛ողջունենք լեզուի եւ կրթութեան մասին այս համագումարի կայացումը: Իբրեւ ներկայացուցիչ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի` կը փոխանցեմ առաջնորդ հօր` Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային ժողովին բարեմաղթութիւնները` համագումարի արդիւնաւէտ աշխատանքներուն կապակցութեամբ:

Հոգեպէս հաղորդակից ենք համագումարին տուն տուող մտահոգութիւններուն:

Առաջին անգամն է, որ կը մասնակցինք այս համագումարներու շարքին: Մամուլի միջոցով հետեւած ենք նախորդ համագումարներուն, ինչպէս նաեւ նմանատիպ համագումարներուն` Հայաստանի մէջ:

Անկասկած, որ ստեղծուած է եւ կայ մտահոգիչ վիճակ` արեւմտահայերէնի ե՛ւ գործածութեան, ե՛ւ ուսուցման մարզերուն մէջ: Թէեւ կողմնակի պէտք է աւելցնել, որ բազմապիսի մտահոգիչ երեւոյթներ կան նաեւ արեւելահայերէնին կապակցութեամբ. այս նշումը` հպանցիկ, որովհետեւ համագումարի նիւթերուն մէջ ընդգրկուած չէ:

Յատկապէս արեւմտահայերէնի բնագաւառին մէջ ստեղծուած իրավիճակն է անշուշտ, որ տուն տուած է եւ` պատճառ, որ վեհափառը ձեռնարկէ համագաղութային խորհրդաժողովի:

Արդար է այս, որովհետեւ մեր լեզուն այլապէս մենք ենք, եւ ա՛ն է, որ կը ցոլացնէ գաղութներու տարածքին ազգային բնագաւառի մէջ մեր առողջական եւ գոյատեւման պայքարի իրավիճակը:

Հետաքրքրական եւ շահեկան է անշուշտ, թէ նախորդող համագումար-ժողովները ինչպիսի՞ որոշումներ կայացուցած են, եւ թէ` դրական կամ գործնական ի՞նչ արդիւնքներ ձեռք բերած են: Կը յուսանք իրազեկ դառնալ այդ մասին: Մինչ այդ քննարկման առաջադրուած հարցերը կը մնան այժմէական:

Օրակարգի այլազան 10 նիւթեր, որոնց առանցքը անշուշտ մեր լեզուն է:

Պիտի ուզեմ անդրադառնալ եւ առաջարկներ կատարել անոնցմէ միայն քանի մը կէտերուն, կամ` նիւթական կապակցութեամբ, որովհետեւ կայ սահմանափակում ժամանակի:

Ուրեմն արագ անդրադարձ` օրակարգի թիւ 2, 3, 4 եւ 9 նիւթերուն.

Կը կատարեմ նշմարներ միայն` մանրամասնութիւնները ձգելով խմբային աշխատանքներուն:

Օրակարգ` թիւ 2. «Ծրագիր»
Ուսուցմա՛ն ծրագիր. ամէնէն էականը

Հոս կայ ստոյգ խնդիր. ամէնօրեայ դպրոցներու մէջ յատկացուած ծրագրով պահերու նախատեսուած թիւ եւ դասառարկաներու տեսակներ:

– Հայ լեզուի դասաւանդութեան համար կ՛ենթադրենք, որ կը յատկացուի շաբաթական նուազագոյնը 5 դասապահ, եւ շաբաթական 5 պահ` կրօն, պատմութիւն կամ Հայ դատ, երգ ու պար եւ մշակոյթ:

Անկասկած` չի նշանակեր, որ յիշեալ բոլոր դասանիւթերով եւ ժամանակացոյցով մենք կը հասնինք բաղձալի լաւագոյնին: Սակայն վստահ` այդ մէկը մեզի կու տայ չարեաց փոքրագոյն չափանիշներով արդիւնք:

Հարցը հոն է սակայն, որ այսօր բազմաթիւ դպրոցներու մէջ, երբեմն երկրորդական, երբեմն միջնակարգ ու նոյնիսկ նախակրթական մակարդակի դասարաններու մէջ, դասացոյցներուն վրայ չեն երեւիր կրօնը, մատենագրութիւնը, պատմութիւնը, երգն ու մշակոյթը, կամ` երբեմն մէկը կամ միւսը: Մինչ յիշեալ այս նիւթերը ոչ միայն հայեցի դաստիարակութեան գործօններ են, այլեւ միջոց` լեզուական բառամթերքի ճոխացման:

Ա՛յս հասկացողութիւնն է եւ նպատակը, վստահաբար, որ կը հետապնդէ համագումարը իր օրակարգով:

Այսուհանդերձ, որպէսզի անիկա չմնայ միայն տեսական մտածում, այդ կապակցութեամբ կը ներկայացնենք զուգահեռ առաջարկ.

– Տարիներ շարունակ վեհափառ հայրապետը պատեհ առիթներով զանգահարած է «Մէկ ազգ, մէկ եկեղեցի, մէկ մշակոյթ» ազգահաճոյ գաղափարախօսութիւնը:

Հիմ ունենալով ազգամտահոգիչ լեզուական եւ կրթադաստիարակչական առկայ հարցերը, կ՛առաջարկենք, որ վեհը գործակցութեան հրաւիրէ սփիւռքի մէջ ուսումնակրթական գործին տէր եւ հովանաւոր հաստատութիւնները`

– Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը
– Հայ օգնութեան միութիւնը
– Համազգային մշակութային միութիւնը
– Թէքէեան մշակութային միութիւնը
– Նոր Սերունդ մշակութային միութիւնը
– Հայաստանեայց եկեղեցւոյ թեմերը
– Հայ կաթողիկէ եկեղեցին
– Հայ աւետարանական եկեղեցին

միասնաբար յառաջացնելու սփիւռքահայ Կրթաուսումնական կեդրոնական մարմին, լիազօրուած` պատկան հաստատութիւններէն, որ տէր կանգնի հանո՛ւր հայկական դպրոցներուն մէջ կիրարկուելիք հայեցի կրթաուսումնական աշխատանքներու ծրագրի մը գործադրութեան, որ կրնայ մշակուիլ համագումարին կողմէ:

– Տեսակ մը` սփիւռքահայ կրթական ընդհանուր տնօրէնութիւն, որուն հիմնական որոշումները պիտի գործադրեն դպրոցներու տնօրէնները եւ ներկայացնեն ամէնամեայ վիճակագրական եւ ուսումնական տեղեկագրութիւն:

Թիւ 3 օրակարգի նիւթեր
Դասագիրքեր-Բառագիրքեր

Ըստ մեզի, այսօր, ոեւէ կարող ու յարգուած հեղինակ, բնական է, որ չկարենայ գոհացնել սփիւռքահայ բոլոր դպրոցները մէկ եւ նոյն դասագիրքով, կամ` դասագիրքերու շարքով մը, նկատի առած զանազան երկիրներու այլազան միջավայրերուն մէջ հասակ առնող հայ աշակերտներու տարբեր-տարբեր հոգեբանութիւնը եւ անոնց իւրայատուկ ընկերային եւ մշակութային մթնոլորտը:

Չենք ուզեր անդրադառնալ մասնայատուկ ա՛յլ իրավիճակներու եւս, ուր կարգ մը շրջաններու մէջ անհրաժեշտութիւն են դասագիրքերու այլեւայլ մակարդակները` նկատի առած աշակերտներու տարիքային տարբերութիւնը, տարիքային նոյնութիւնը, սկսնակի ու միջակներու բաժանումները եւ այլն, եւ այլն:

– Գոհացուցիչ արդիւնք մը` դասագիրքերու պատրաստութեան գծով, մեր կարծիքով, իրատեսական պիտի ըլլայ, եթէ ան վստահուի իւրաքանչիւր երկրի մէջ մանկավարժութեան եւ կեանքի փորձ ունեցող մտաւորականներու եւ գրողներու` իբրեւ ենթայանձնախումբերու:

Անոնք, կազմուած պատկան շրջաններու կրթական հաստատութիւններու գործակցութեամբ, պիտի կարենան այդ պարագային ունենալ նո՛յն դասագիրքերը, որով անոնց հրատարակութիւնը կրնայ դառնալ աւելի նպաստաւոր, իսկ գիները` անշուշտ առաւել հանրամատչելի:

Մինչ այդ սփիւռքահայ զանազան գաղութներու մէջ աշակերտներու մօտ նոյն դասագիրքերու գործածութիւնը` ընկերային, հոգեբանական, եղբայրական, յաւելեալ ի՞նչ արդիւնքներ կրնայ ունենալ` մեկնաբանութիւնը աւելի քան հասկնալի է:

Իբրեւ ճշդում, կ՛ուզեմ աւելցնել, որ միասնական դասագիրքերու մեր առաջարկին մէջ նկատի ունինք նաեւ հայեցի միւս առարկաները` պատմութիւն, Հայ դատ, կրօնն ու մատենագրութիւնը, ժողովրդային երգն ու պարը եւ այլն:

Թիւ 4 օրակարգի նիւթ`
Հայագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութիւն

Այս օրակարգին համար գործածուած է հրամայական որակումը, որ կ՛ենթադրէ անմիջականութիւն:

Արդարեւ, խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք, այսօր աւելի քան կարելիութիւններ կան, որ Հայաստանի մանկավարժական համալսարաններ պատրաստեն հայերէնի ուսուցիչներ, կամ մէկ երկու լրիւ տարեշրջաններու ուսուցումներով` որակաւորել թեկնածուներ:

Մենք շատ ալ հաւատացած չենք ընթացիկ կարգով ընդունուած մէկ ամսուան ժամանակացոյցի մէջ 8-10 դասախօսութիւններով վերաորակաւորման այն միջոցառումներու արդիւնաւորութեան մասին, որոնք տեղի կ՛ունենան գրեթէ ամէն տարի: Այսուհանդերձ, կ՛ընդունինք անոնց մասնակի օգտակարութիւնը:

Առաջարկուածը` ուսուցիչներու պատրաստութեան մասին, իբրեւ ծրագիր եւ անոր իրագործումը նկատելով երկարաժամկէտ, մեր առաջարկն է, որ նախ եղած հայերէնի ուժերը գուրգուրանքով պահել, եղաշրջել անոնց վարձատրութիւնը բոլո՛ր դպրոցներուն մէջ, չհամեմատել անոնց թոշակները գիտութեանց, ուսողութիւններու եւ օտար լեզուներ դասաւանդողներու վկայականներուն հետ, որոնք անկասկած պէտք է լրացնեն համապատասխան երկիրներու պետական չափանիշները:

Հայ դպրոցի հիմնանպատակին ծառայողները յատկապէս հայերէնի եւ հայագիտական առարկաներու ուսուցիչներն են, որոնց պէտք է տրուի յատուկ կարգավիճակ: Կ՛ուզեմ այստեղ միջանկեալ նշել, որ կան բազմաթիւ այլ հայ ուսուցիչներ եւս` հայ դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող, մեր խօսքը անոնց մասին չէ, որոնք հայագիտական առարկաներ չեն դասաւանդեր. յարգելով հանդերձ անոնց արհեստավարժ գործունէութիւնը, դարձեալ` յարգելով անոնց մէջ բացառութիւնները, յայտնենք, որ անոնք գրեթէ մասնակից ալ չեն դպրոցի հայեցի դաստիարակութեան համար ջամբուող ճիգերուն` դպրոցի հիմնական նպատակին:

Տրուած այդ պայմաններուն մէջ կ՛ուզենք, որ հայ դպրոցի հիմնանպատակին համար հրաւիրուած եւ ծառայութեան կոչուած հայ ուսուցիչներուն շնորհուի մասնայատուկ կարգավիճակ:

– Ընդունելի չէ, որ հայ ուսուցիչին իրավիճակը մնայ այնպիսին, ինչ որ է այսօր. նիւթապէս վճարուող յետին մշակը: Որովհետեւ, եթէ ընթացիկ իրավիճակը չփոխուի, համոզուած ենք, որ անկարելի պիտի ըլլայ նորեր հրապուրել դէպի ուսուցչական ասպարէզ. բայց մանաւանդ` հայ լեզուի եւ հայեցի ուսմանց ուսուցչութեան բնագաւառին մէջ:

Ըսելիքներ ունինք նաեւ անոնց ծառայութիւններուն` ապագայի մասին. կենսաթոշակի հարց, տարիքային ծառայութիւններու գնահատութիւն, ընկերային, տնտեսական ապահովութեան նախատեսութիւններ եւ այլն, եւ այլն:

Այս բոլորին մասին` իր ժամանակին:

Այս առիթով արժէր, որ ուժի մէջ եղող հայկական եկեղեցիներու կիրակնօրեայ եւ միութիւններու շաբաթօրեայ դպրոցներու մասին եւս ե՛ւ ծրագրի ե՛ւ ուսուցիչներու պատրաստութեան եւ գնահատման մասին մասնաւոր պարագաները խորհրդածութեանց նիւթ դառնային համագումարին, որովհետեւ անոնք բազմաթիւ շրջաններու մէջ երախտաշատ գործ կը տանին, երբեմն նոյնիսկ ամէնօրեայ դպրոցներու արժէքով:

Թիւ 9 օրակարգ.
Եկեղեցւոյ, հայ ընտանիքներու եւ ազգային կառոյցներու դերին մասին

Նախ` հայ ընտանիքներու դերին մասին:

Կ՛ուզեմ անկեղծօրէն յայտնել, որ հայ ընտանիքներ, միշտ յարգելով մասնաւորները, դժուարին այս ժամանակներուն անհրաժեշտ զօրավիգը ցոյց չեն տար հայեցիին ու հայ դպրոցին նկատմամբ:

Ձգելով  հետզհետէ նուազած եւ նուազող թիւերը` թէ՛ հայ դպրոցներուն, թէ՛ աշակերտութեանց, իւրայատուկ տրամադրութիւններէ մեկնած, անոնք ծանր ճնշումի կ՛ենթարկեն դպրոցները, տնօրէնները, ուսուցիչները` նուազեցնելու համար հայեցիին համար թափուող ճիգերը:

Անոնք, կրթաթոշակ վճարողի ուժով, զգալիօրէն արդէն յաջողած են պարտադրել իրենց կամքը, թելադրել իրենց «մանկավարժական» եւ ընկերային տեսութիւնները` նուազագոյնին բերելու համար հայկական նիւթերու դասապահերը, ջնջել տալու նոյնիսկ` տնային աշխատանքները, արտասանութիւնները, ուղղագրութիւնը, վարժութիւնները, եւ տակաւին, ի՜նչ խօսք, նաեւ քերականութեան ու անոր զանազան գիրքերու մէջ գործածուած այն տարազներու մասին, որոնք շփոթ յառաջացուցած են կարգ մը դպրոցներու մէջ կամ դաստիարակներու մօտ (օրակարգ թիւ 1)…

Համաձայն ծնողներու այդ հոսանքին մտածողութեան, պէտք է ապաւինիլ միայն ու միայն հայկական դասաժամերու 45 – 50 վայրկեաններով ներդպրոցական ուսուցման համար յատկացուած հրաշք դասապահերուն եւ գոհանալ անոնց… արդիւնքներով:

Ստեղծուած իրավիճակին ըմբռնումով եւ մեր համոզումով ժամանակն է, որ հայկական բանաւոր բոլոր տեսակի բեմերը իրենց առաքելութեանց մէջ, ժողովուրդին հետ յարաբերութեանց զանազան առիթները օգտագործելով, պարբերաբար լուսարձակի տակ առնեն առկայ հարցերու լրջութիւնը եւ ժողովուրդի լայն խաւերուն մօտ դրսեւորեն մտահոգութիւնները անոնց հետեւանքներուն:

Համազգայի՛ն մտահոգութիւններ, որոնք անպայման պիտի կիսուին նաեւ հայկական յարանուանական հաստատութիւններու կողմէ:

Արդար է, որ բոլորը հնչեցնեն մեր մշակոյթի էութեան սպառնացող վտանգները:

Կը կրկնենք. ազգային մեր լեզուն մեր հոգեւոր կայսրութիւնն է. կրօնը մեր էութիւնն է, իսկ պատմութիւնը եւ մշակոյթը մե՛նք ենք:

Մեր հաւատքին մէջ դարեր շարունակ մենք ապրած ենք միաձոյլ: Հիմա ժամանակն է, որ բոլոր տեսակի բեմերէն տուրքը տրուի յօգուտ մեր հոգեւոր կայսրութեան:

Տանք` զկայսերն կայսեր, եւ զԱստծոյն` Աստուծոյ:

Շնորհակալութիւն
ԿԱՐՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES