ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՏՂՈՑ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՌՈՒՍԻԱ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ

Ռուսիոյ յաղթական կազմը

Երէկ Լաթվիոյ մէջ աւարտեցան Եւրոպայի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումները:

Ռուսիա, որ կը ճակատէր Մակեդոնիոյ դէմ, թէեւ քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց (63-61), սակայն ապահովեց քառորդ աւարտականին իր տոմսը:

Նշենք, որ այսօր` չորեքշաբթի, պիտի սկսին քառորդ աւարտականի մրցումները, ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ.

Սպանիա – Սլովենիա
Մակեդոնիա – Լաթվիա
Ֆրանսա – Յունաստան
Ռուսիա – Սերպիա

Share this Article
CATEGORIES