ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ. 2011-2012 ԱՇՈՒՆ – ՁՄԵՌ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆԸ
«Հոթ քութիւր»էն ետք, Փարիզի մէջ վերջերս կայացան «Փրեթ ա փորթէ»ի փառատօները, որոնց մասնակցեցան աշխարհի մեծագոյն ձեւագէտները:
Տիոր նորաձեւութեան տունը վերջին անգամ ըլլալով ցուցադրեց ձեւագէտ Ճոն Կալիանոյի հաւաքածոն: Կալիանօ այսուհետեւ յիշեալ տան ձեւագէտը պիտի չըլլայ, ան գործէ արձակուած է, տրուած ըլլալով, որ զինք նկարած են գինով վիճակի մէջ, այն պահուն, երբ ան վարկաբեկիչ խօսքեր ուղղած է հրեաներուն դէմ: Նոյն պատճառով բազմաթիւ անձնաւորութիւններ մերժած են ներկայ գտնուիլ անոր հաւաքածոյի ցուցադրութեան:
2011-2012 փառատօնին մասնակցեցան նաեւ Քարլ Լակըրֆելտ (Շանել), Ժան Փոլ Կոթիէ, Սթելլա Մաքարթնի, Սոնիա Ռիքել եւ շատ ուրիշներ:
Յառաջիկայ աշուն-ձմեռ նորաձեւութեան տիրական գոյները մոխրագոյնը, սեւը, պեժն ու սրճագոյնն են:
Մուշտակը, կաշին տիրական տեղ կը գրաւեն վերոյիշեալ հաւաքածոներուն մէջ:
Ինչ կը վերաբերի տաբատներուն, անոնք մեծ մասամբ նեղ եւ մարմնին փակած են, իսկ փէշերէն մաս մը ծունկէն վեր են, մաս մըն ալ` վար:
Լայն, գունաւոր փանչոները եւս իրենց տեղը պիտի ունենան յառաջիկայ ձմեռ:
ՆԱԵՒ` ԷԼԻ ՍԱԱՊ
Լիբանանցի ձեւագէտ Էլի Սաապ իր կարգին ճոխ հաւաքածոյով մը մասնակցեցաւ վերոյիշեալ փառատօնին եւ, ինչպէս միշտ, տպաւորեց ներկաները:
Սաապի հագուստները յատկանշուեցան երկար ճեղքերով, ճոխ, գեղեցիկ օձիքներով եւ մինչեւ ոտքերը երկարող էվազէ փէշերով:
Հաւաքածոյին տիրական գոյներն էին կարմիրը, գինեգոյնը, սեւը…



