«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ՄՐՑՈՒՄԻՆ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆՆԵՐՈՒՆ Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԽԼԵՑ ՏԻՏՂՈՍԱԿԻՐ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԷՆ
Երէկ` երեքշաբթի, սկսաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2011-2012 տարեշրջանը, որ կը կատարուի խմբակներու դրութեամբ:
Տեղի ունեցած երէկուան ութ ճակատումներուն, ամէնէն հետաքրքրական մրցումը իրարու դէմ հանեց Ը. խմբակին մաս կազմող երկու զօրաւոր կազմեր` Պարսելոնան եւ Ա. Սէ. Միլանը:
Հիւր կազմը, առաջին իսկ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, շնորհիւ 36-րդ վայրկեանին Ալեքսանտր Փաթոյի նշանակած կոլին, սակայն Փետրօ Ռոտրիկես նշանակեց դաշտին տէրերուն հաւասարութեան կոլը: 50-րդ վայրկեանին Պարսելոնա 2-1 արդիւնքով յառաջացաւ, շնորհիւ Տաւիտ Վիյայի նշանակած կոլին:
Սակայն մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (92-րդ) իտալական կազմը հաւասարութիւն մը խլեց դաշտին տէրերէն, շնորհիւ` Թիակօ Սիլվայի նշանակած կոլին` այսպիսով Եւրոպայի ախոյեանը զրկելով յաղթանակէ մը:
Չելսի 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պայէր Լեւերքուզըն` շնորհիւ Տաւիտ Լուիսի (67-րդ) եւ Խուան Մաթայի (93-րդ) նշանակած կոլերուն:
Պորուսիա Տորթմունտ – Արսենալ մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Ռոպին Վան Փերսի նշանակեց Արսենալի կոլը (42-րդ), իսկ Իվան Փերիսիչ` Տորթմունտի հաւասարութեան կոլը (88-րդ):
Մարսէյ իր դաշտէն դուրս յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Օլիմփիաքոսի դաշտէն: Լուչօ Կոնցալես նշանակեց ֆրանսական կազմին միակ կոլը (51-րդ):
Փորթօ, 2-1 արդիւնքով յաղթեց Շախտիոր Տոնեցքի, որ մրցումը աւարտեց ինը մարզիկով, երբ օրուան իրաւարարը 40-րդ եւ 80-րդ վայրկեաններուն գործածեց իր կարմիր քարտը:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ե. ԽՄԲԱԿ
Չելսի – Պայէր Լեւերքուզըն 2-0
Կենք – Վալենսիա 0-0
Զ. ԽՄԲԱԿ
Պորուսիա Տորթմունտ – Արսենալ 1-1
Օլիմփիաքոս – Մարսէյ 0-1
Է. ԽՄԲԱԿ
Ափոյել Նիկոսիա – Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ 2-1
Փորթօ – Շախտիոր Տոնեցք 2-1
Ը. ԽՄԲԱԿ
Պարսելոնա – Ա. Սէ. Միլան 2-2
Վիքթորիա Փիզեն – ՊԱԹԷ Պորիսով 1-1
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (բոլոր մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան ժամը 21:45-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով).
Ա. ԽՄԲԱԿ
Մանչեսթըր Սիթի – Նափոլի
Վիարէալ – Պայէրն Միւնիխ
Բ. ԽՄԲԱԿ
Ինթեր Միլան – Տրապիզոնսփոր
Լիլ – Մոսկուայի Բանակայիններ
Գ. ԽՄԲԱԿ
Պալ – Օթելուլ Կալաթի
Պենֆիքա – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Դ. ԽՄԲԱԿ
Այաքս Ամսթերտամ – Լիոն
Տինամօ Զաղրեպ – Ռէալ Մատրիտ

