«ՀՊԱՐՏ ԵՄ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՎՍ» Կ՛ԸՍԷ ԵՈՒՐԻ ՃՈՐՔԱՅԵՖ

Եուրի Ճորքայեֆ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 1998-ի Մոնտիալի տիտղոսին տիրացած եւ 2000-ին անոր հետ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած հայազգի ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքայեֆ անցնող քանի մը օրերուն կը գտնուէր Ուքրանիա, ուր իր մասնակցութիւնը բերաւ Տինամօ Քիեւի վեթերաններու մրցաշարքին: Թէեւ մրցումը աւարտեցաւ Տինամոյի յաղթանակով (7-3), սակայն հիւր կազմին երեք կոլերն ալ նշանակեց Եուրի:

Մրցումէն ետք թղթակիցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ճորքայեֆ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Ես հպարտ եմ, որ հայկական արմատներ ունիմ եւ կը փորձեմ այդ կապը միշտ պատել: Ես ինքզինքս շատ մօտ կը զգամ Հայաստանի, լեզուին ալ որոշ չափով ծանօթ եմ, մեր ընտանիքին մէջ շատ յաճախ հայերէն բառեր կը գործածենք: Յուսամ կրնաք հասկնալ, որ անիկա իմ արիւնս է եւ շատ կարեւոր է ինծի համար»:

 

Share this Article
CATEGORIES