«ՏԱՖԻՏՈՖ ՌԷՅՍԻՆԿ ԹԻՄ»-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ. «ՊԻՏԻ ՓՈՐՁԵՆՔ ՄՐՑԱՆԱԿԱՅԻՆ ԴԻՐՔԻ ՄԸ ՄԷՋ ԸԼԼԱԼ, ԼԻԲԱՆԱՆԻ 34-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՌԵԼԻ-ԻՆ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՖԵՏԻ ՀԱՄԱՏԷ
Սուրիացի վարորդ Ֆետի Համատէ եւ անոր օգնականը Ռամի Մընեմ, որոնք մաս կը կազմեն «Տաֆիտոֆ Ռէյսինկ Թիմ» խումբին, «Ռեճընսի Փալաս» պանդոկին մէջ (Ատմա), յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով` պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանի 34-րդ միջազգային ռելի-ին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելի-ի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Այս մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Ա. Թէ. Սէ. Էլ.-ի պատասխանատուները, այս ռելի-ին իր մասնակցութիւնը բերող եւ հինգ անգամ Միջին Արեւելքի ախոյեան հանդիսացած քաթարցի Նասեր Աթիէ, մարզական բաժիններու լրագրողներ եւ հրաւիրեալներ:
Համատէ, որ երկրորդ անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լիբանանի ռելի-ին (առաջինը` 2004-ին), ըսաւ, թէ առաւելագոյնը պիտի ընէ իր խումբին հետ մրցանակային դիրքի մը մէջ ըլլալու, այսինքն` փոտիում բարձրացողներուն հետ երեւելու համար:
Ան ըսաւ, թէ այս ռելի-ին պիտի մասնակցի Ռընօ Քլիօ Ար.- 3 ինքնաշարժով, որ բացառիկ յատկութիւններ ունի:
«Թէեւ այս ռելի-ին կը մասնակցին բազմաթիւ փորձառու վարորդներ, նամանաւանդ` լիբանանցիներ, սակայն իմ կարելիս պիտի ընեմ, օգտուելով այլ ախոյեանութիւններու իմ մասնակցութենէս, որպէսզի լաւ արդիւնք արձանագրեմ: Այլ առիթներով եւս ուզեցի այս ռելի-ին մասնակցիլ, սակայն խճողուած յայտագիր մը ունենալով, բացակայեցայ անկէ: Այս տարի սակայն բախտը ունեցայ իմ մասնակցութիւնս բերելու: Ասկէ ետք պիտի մեկնիմ Յորդանան, ուր Միթսուպիշի Լենսըր Էվոլիւշըն-9 ինքնաշարժով պիտի մասնակցիմ «Ռըմմենի» բարձունք կոչուող մրցումին` անոր բաժակին տիրանալու», նպատակով, ըսաւ Համատէ:
Աւարտին, «Տաֆիտոֆ Ռէյսինկ Թիմ» ներկաները պատուեց ընթրիքի երեկոյով մը:


