ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ

Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսական զարգացման նախարար Կարէն Եսայեան երէկ Երեւանի մէջ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի համապատասխան կառոյցներու միջեւ տեղի ունեցած անդրանիկ նիստէն առաջ լրագրողներուն յայտնեց, որ Հայաստանի ելեւմտական եւ Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսական զարգացման նախարարութիւնները համաձայնութեան եկած են տարեկան երկու անգամ (մէկական` Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ) միացեալ նիստեր գումարել: Նշուած նախարարութիւններուն միջեւ ընդլայնուած համագործակցութիւնը սկիզբ առած է 13 օգոստոս 2010-ին, երբ կողմերը յուշագիր մը կնքած են Ստեփանակերտի մէջ:

Կարէն Եսայեան նշեց, որ անդրանիկ նիստի քննարկման առարկայ են միասնական տնտեսական դաշտի մէջ գործող երկու հայկական պետութիւնները յուզող հարցեր, որոնք առաջին հերթին կը վերաբերին գործարար միջավայրին, մասնաւորաբար, գործարաններու արձանագրութեան ու կարգաւորման համակարգին: Հարց դրուած է խուսափելու այդ բնագաւառներուն մէջ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր մօտեցումներէն:

Ըստ Կարէն Եսայեանի, ելեւմտական նախարարութիւնը աւելի մեծ փորձառութիւն ունի, քան` Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսական զարգացման նախարարութիւնը եւ ղարաբաղեան կողմը այդ փորձառութենէն օգտուելու ցանկութիւն ունի:

Հայաստանի ելեւմտական նախարար Տիգրան Դաւթեան ընդգծեց, որ միացեալ նիստի իրականացումով  կողմերը պիտի հաստատեն այն յարաբերութիւնները, որոնք նախապէս կը զարգանային աշխատանքային կարգով. խօսքը կը վերաբերի երկու հանրապետութիւններու մէջ տնտեսական զարգացման եւ իրարու կարելիութիւններէն օգտուելու մասին տեղեկատուութեան փոխանակման: Նիստը իրականացուեցաւ ընդլայնուած կազմով` գործարար միութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ: Դաւթեան նշեց, որ օրակարգին վրայ ընդգրկուած են բազմաթիւ հարցեր` տնտեսական զարգացման, ներդրումներու ներգրաւման, արտահանման խթանման, փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման եւ ընկերութիւններու որակի կառավարման համակարգերու բարելաւման վերաբերեալ: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ընկերութիւններու ներգրաւումը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող տնտեսական հոլովոյթներուն մէջ:

Վերջինը կը վերաբերի Հայաստան մուտք գործած օտարերկրեայ ընկերութիւններուն հետ Արցախի ընկերութիւններու համագործակցութեան ծաւալման, Արցախի արտադրանքի արտահանման նոր կարելիութիւններուն, Հայաստանի մէջ պետական եւ միջազգային գործընկերներու հետ իրականացուող տնտեսական զարգացման ծրագիրներուն Լեռնային Ղարաբաղի ընկերութիւններուն մասնակցութեան ապահովման: Աշխատանք պիտի տարուի նաեւ Հայաստանի զբօսաշրջային հոսքերը եւ զբօսաշրջային ենթակառոյցներու զարգացման ծրագիրները Լեռնային Ղարաբաղ ուղղելու առումով, «որպէսզի անիկա յաջողի իրականացնել տնտեսութեան եւ մասնաւորաբար զբօսաշրջութեան մարզին մէջ գոյութիւն ունեցող հսկայական ներուժը»:

Այդ նպատակին կը ծառայէ նաեւ Ստեփանակերտի նոր օդակայանը: Դաւթեան շեշտեց, որ յառաջիկային երկու մայրաքաղաքներու մէջ երկու օդակայաններ պիտի ունենան, ինչ որ իրավիճակը էականօրէն կը փոխէ:

Ղարաբաղեան կողմին կ՛առաջարկուի օգտագործել Հայաստանի յաջողած այն փորձը, որ գոյութիւն ունի գործարար եւ ներդրումային միջավայրի բարելաւման ասպարէզներուն մէջ: Ըստ Դաւթեանի, տնտեսական բարեփոխումներու հոլովոյթները զուգահեռաբար եւ համագործութեամբ կ՛ընթանան եւ սկզբունքային խնդիրներ չկան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES