ՆԱԽԱՐԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երէկ ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական նորընտիր վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը: Նշենք, որ 5-10 սեպտեմբերին Ծաղկաձորի մէջ կայացած ՀՄԸՄ-ի պատգամաւորական 10-րդ համաժողովին ընթացքին ընտրուած էր նոր Կեդրոնական վարչութիւն:

Նախարար Յակոբեան եւ Գ. Մկրտիչեան անդրադարձան Հայաստան – սփիւռք գործակցութեան կարեւորութեան` խօսելով անոնց ամրապնդման կարելիութիւններուն մասին:

Լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի ծաւալած հսկայական աշխատանքը հայութեան կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ իրականացուած գործունէութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES