ԱՅԼԱԶԱՆ. ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԼՈԳԱՆՔՆԵՐ
Դժուար չէ տան մէջ այլազան առողջապահական լոգանքներ կազմակերպելը` հանգստանալու եւ կամ կարգ մը հիւանդութիւններ բուժելու համար:
Մասնագէտներու կարծիքով, երկարատեւ (քանի մը ժամ տեւող) լոգանքները վնաս են թէ՛ սիրտին եւ թէ՛ մորթին: Վերջինս երկարատեւ լոգանքներէն կը տուժէ եւ կը չորնայ, որքան որ ալ յատուկ սերերով օծենք զայն:
Ա.- ՏԱՔ ԼՈԳԱՆՔՆԵՐ (36օ – 37օ)
Այս ձեւի լոգանքները կ՛օգնեն մկաններու թուլացումին, կը մեղմացնեն լարուածութիւնը եւ կ՛օգնեն, որպէսզի հանգիստ քնանանք:
Այս ձեւի լոգանքները 20 վայրկեանը պէտք չէ անցնին:
Բ.- ՊԱՂ ԼՈԳԱՆՔՆԵՐ
Այս ձեւի լոգանքները կը կարգաւորեն սրտանօթային համակարգի աշխատանքը, կ՛օգնեն արեան շրջագայութեան եւ, վերջապէս, կը թարմացնեն մորթն ու մկանները:
Այս ձեւի լոգանքները 1-2 վայրկեան պէտք է տեւեն:
Գ.- ՇԱՏ ՏԱՔ ԼՈԳԱՆՔՆԵՐ (40օ)
Այս ձեւի լոգանքները կը նպաստեն անօթներու ընդլայնումին եւ նիւթափոխանակութեանը:
Այս ձեւի լոգանքները առաւելագոյնը 5 վայրկեան պէտք է տեւեն եւ պէտք չէ ամբողջովին սուզուիլ ջուրին մէջ: Ջուրը պէտք չէ անցնի կրծքավանդակի շրջանը:
Դ.- ԱՂԻ ԼՈԳԱՆՔՆԵՐ
Այս լոգանքները ամէնէն առողջապահականներէն կը համարուին: Կարելի է օգտագործել քարաղը կամ կերակուրի սովորական աղը: Տաք ջուրի մէջ լուծել 300-500 կրամ աղ եւ պառկիլ լոգարանին մէջ շուրջ 15 վայրկեան:
Աղի լոգանքները կը չքացնեն յոգնածութիւնը, կը մեղմացնեն յօդացաւը եւ կը բուժեն մորթային կարգ մը հիւանդութիւններ:
Ե.- ԾԱՂԻԿՈՎ ԼՈԳԱՆՔՆԵՐ
Ինչպէս նախապէս կնոջական էջով գրած ենք, կարգ մը ծաղիկներ, ինչպէս` ապրիմ-մեռնիմը եւ լաւանտը, ունին թուլացնելու եւ հանգստացնելու յատկութիւնը: Ծրարիկի մը մէջ զետեղուած ափ մը ապրիմ-մեռնիմ, լաւանտ, թիյէօլ եւ այլն… լոգարանի գաղջ ջուրին մէջ նետուած` կը հանգստացնեն եւ կը թուլացնեն յոգնած մարմինը:

