50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (15 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)
ՀԱՅ ԳԻՐՔԻՆ ԱՄՓՈՓ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Տպագրութեան գիւտէն 57 տարի ետք, 1512-ին, Վենետիկի մէջ տպագրուեցաւ առաջին հայերէն գիրքը:
Ասոր նշանակութիւնը շեշտելու համար յիշենք, թէ միայն 109 տարի ետք, 1564-ին, Ռուսիա ունեցաւ իր առաջին տպարանը, իսկ աւելի ուշ` 1640 թուականին, Հիւսիսային Ամերիկա:
Հայերէն առաջին գիրքը «Պարզատոմար»ն է, որուն յաջորդեցին, տարի մը ետք, չորս գիրքեր` «Պատարագատետր», «Ուրբաթագիրք», «Տաղարան» եւ «Աղթարք» անուններով:
Ստոյգ տեղեկութիւններ չկան այն մասին, թէ ո՛ր տպարանին մէջ լոյս տեսան այս գիրքերը: Կ՛ենթադրուի, թէ տպարանը իտալական էր, իսկ տպագրիչին անունը կը յիշատակուի 1513-ի հրատարակութեան մէջ` Մեղապարտ Յակոբ:
«Պարզատոմար»ը եկեղեցական տօները ցոյց կու տար: Իսկ «Տաղարան»ը երգերու հաւաքածոյ էր, մեծ մասը Յովհաննէս Թլկուրանցիի` Սիսի կաթողիկոսի տաղերն էին:
Հայերէն առաջին թերթը` «Ազդարար» հրատարակուեցաւ 1794 թուականին, Մատրասի մէջ, Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի կողմէ:
Հայկական տպարաններու հիմնադրութեան թուականները ցոյց կու տան սփիւռքի կենսունակ գործունէութիւնը: Ահա՛ ցանկը այդ տպարաններուն.
1512-ին` Վենետիկ, 1567-ին` Պոլիս, 1616-ին` Լվով, 1624-ին` Միլանօ, 1633-ին` Նուզայ, 1640-ին` Լիւոռնօ, 1655-ին` Ամսթերտամ, 1673-ին` Մարսէյ, 1680-ին` Լայփցիկ, 1699-ին` Փաաուա, 1736-ին` Անգլիա, 1759-ին` Զմիւռնիա, 1772-ին` Հնդկաստան, 1774-ին` Էջմիածին, 1776-ին` Թրիէսթէ (Մխիթարեան), 1783-ին` Ս. Փեթերսպուրկ (Արղութեան), 1788-ին` Ս. Ղազար (Մխիթարեան), 1790-ին` Նախիջեւան, 1823-ին, Թիֆլիս, 1832-ին` Շուշի, 1895-ին` Երուսաղէմ, 1850-ին` Արմաշ, 1854-ին` Հիւսիսային Ամերիկա, 1857-ին` Վան (Վարագ), 1865-ին` Եգիպտոս, 1872-ին` Պաքու, 1877-ին` Ալեքսանդրապոլ (Գիւմրի):
Արեւմտահայոց տպագրական գործերու գլխաւոր կեդրոնները եղած են` Վենետիկ, Պոլիս եւ Զմիւռնիա: Իսկ արեւելահայոց` Փեթերսպուրկ, Թիֆլիս եւ Պաքու:
Հայ եկեղեցական գիրքերու տպագրութիւնը կատարուեցաւ մասնաւորաբար Եւրոպայի, Էջմիածնի, Կ. Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի մէջ:
Ներկայիս Հայաստանի մէջ պետական բազմաթիւ տպարաններ ունինք, որոնք ամէն տարի հարիւրաւոր գիրքեր կը տպեն` միլիոնաւոր օրինակներով: Իսկ սփիւռքի մէջ կը գործեն մօտ յիսուն մեծ եւ փոքր տպարաններ:
ՔԱՆԻ՞ ԼԵԶՈՒՆԵՐ ԿԸ ԽՕՍՈՒԻՆ ԱՅՍՕՐ
Ազգերու, բարքերու, լեզուներու ուսումնասիրութիւնը հետզհետէ արժէք կը ստանայ ու կը ծաւալի բոլոր երկիրներուն մէջ: 20-րդ դարու գիտնականները նոյնքան կարեւորութիւն կու տան մարդկային տարբեր խաւերու ուսումնասիրութեան, որքան` անջրպետի յաղթահարման:
Ներկայիս քաղաքակիրթ բոլոր երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունին ազգագրական, լեզուաբանական, հնախուզական հաստատութիւններ, որոնք ընդհանրապէս կը գործեն պետութեանց հովանիին ներքեւ:
Վերջերս Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ լեզուագէտներու համագումար մը, որ վերջապէս դասաւորեց երկրագունդին վրայ գործածուող լեզուները:
Այսօր մեծ թէ փոքր 6000 լեզուներ կը խօսուին աշխարհի մէջ: Համագումարին մասնակցողները եզրակացուցին, թէ 7000 լեզուներէն միայն 130-ը կարելի է նկատի առնել իբրեւ զանգուածի մը մայրենի բարբառը, քանի որ մնացեալ 5870 լեզուները կը խօսուին մէկ միլիոնէ պակաս հաւաքականութեանց կողմէ եւ մշակութային հարստութիւն չունին:
130 կարեւորագոյն լեզուներու առաջին 12-ը հետեւեալներն են.
1.- Չինարէն, 460 միլիոն հոգիի մայրենի լեզուն:
2.- Անգլերէն, 250 միլիոն:
3.- Հնդկերէն, 160 միլիոն:
4.- Սպաներէն, 140 միլիոն:
5.- Ռուսերէն, 130 միլիոն:
6.- Գերմաներէն, 100 միլիոն:
7.- Ճափոներէն, 95 միլիոն:
8.- Արաբերէն` 80 միլիոն:
9.- Պենկալերէն, 75 միլիոն:
10.- Փորթուգալերէն, 75 միլիոն:
11.- Ֆրանսերէն, 65 միլիոն:
12.- Իտալերէն, 55 միլիոն:
Բնականաբար հայերէնն ալ յիշուած է առաջին 130 լեզուներու մէջ, սակայն իր տեղը 100-էն շատ հեռու չէ:
