ՌՈՒԲԷՆ ՆԱՃԱՐԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ

Ձախէն աջ՝ Վահէ Պարսումեան, Յարութիւն Թորոսեան եւ Ռուբէն Նաճարեան, Փարիզ 2009

Գրել Ռուբէն Նաճարեանին մասին` կը նշանակէ գրել աշխարհի ամէնէն նուրբ եւ ամէնէն զգայուն արուեստագէտներէն մէկուն մասին:

Ռուբէնին ծանօթացած եմ եօթանասունական թուականներուն, «Աքատեմի լիպանեզ»ի մէջ, ուր հրաւիրուած էի դասաւանդելու գծագրութիւն եւ նկարչութիւն` հաստատութեան զանազան բաժիններուն մէջ:

Իր դասարանին լաւագոյն գծողն էր ան. կը հիանայի իր գծագրութիւններուն` մատիտով, ածուխով կամ կուաշով գծուած:

Մեր ծանօթութեան առաջին օրն իսկ մենք դարձանք բարեկամներ: Բարեկամութիւն մը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր եւ պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ ապրինք:

Ռուբէն ոչ միայն օժտուած էր գծելու տաղանդով, այլ նաեւ ունէր խորունկ ներաշխարհ եւ բանաստեղծի խոկուն նայուածք` աշխարհի երեւոյթներուն դիմաց:

Քառասուն տարիներու դասաւանդութեանս ընթացքին հանդիպած եմ շատ մը շնորհալի տղոց, սակայն միայն տղու մը հանդիպած եմ Ռուբէնի արժանիքները ունեցող, որ կը կոչուէր Շարպել եւ լիբանանեան համալսարանի նախապատրաստական դասարանին մաս կը կազմէր:

Այս երկու տղոց ձեռքերուն կարծես հրեշտակներ հպած ըլլային…

Անցան տարիներ: Շարպել ստիպուեցաւ ընդհատել ուսումը ինծի անծանօթ պատճառներով, սակայն Ռուբէն շարունակեց արուեստի դժուարին, փշոտ ուղին` յաղթահարելով բոլոր խոչընդոտները:

Ռուբէն Նաճարեան ծնած էր Պէյրութ, խոնարհ, այլ մտաւորական ընտանիքի մը մէջ:

Վկայուելէ ետք «Աքատեմի լիպանեզ»ի ներքին ճարտարապետութեան բաժանմունքէն, մեկնեցաւ Փարիզ` միանալու փաղանգին այն տաղանդաւոր տղոց, որոնք կ՛ապրին ու կը ստեղծագործեն Փարիզի մէջ` գրաւելով ուշադրութիւնը ամենադժուարահաճ արուեստի քննադատներուն:

Ռուբէն Փարիզի մէջ մասնագիտացաւ որմնանկարչութեան մարզին մէջ, ապա արուեստի պատմութեան D.E.A. մը պատրաստեց (խորունկ ուսումնասիրութիւն), որ տոքթորայի առաջին բաժինն է: Շահեցաւ «Հանրի Լեհման» մրցանակը,  ֆրանսական կաճառէն:

Իրագործեց բազմաթիւ որմնանկարներ եւ խճանկարներ` Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ:

Մասնակցեցաւ բազմաթիւ խմբական ցուցահանդէսներու եւ կազմակերպեց անհատական ցուցահանդէսներ Եւրոպայի հետեւեալ քաղաքներուն մէջ. Մատրիտ, Լոնտոն, Փարիզ, Փերուճիա:

Ռուբէն հաստատուած է Փարիզ, ունի իր արուեստանոցը, 15-րդ թաղամասին, ուր կը շարունակէ ստեղծագործել:

Վերջերս` 2011-ին, Ռուբէն ցուցադրեց իր գծանկարները Վենետիկի կից` Միսթրէի մէջ եւ արձանագրեց մեծ յաջողութիւն:

Ռուբէնին արուեստը վերացապաշտ-բանաստեղծական է:

Խմբական բազմաթիւ գիծերու ընդմէջէն կ՛արտացոլայ խորունկ տպաւորութիւն մը կառուցուածքի, որ նոյն ատեն մտածել կու տայ դիտողին խազերէ կազմուած` չնաշխարհիկ տեսարանի մը մասին:

Սակայն այն գործերը նախ եւ առաջ զուտ կերպընկալ են, մտայղացուած ու բանաստեղծական:

Ռուբէն տոհմիկ հայ արուեստի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մին է:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Փարիզ 10/8/2011

 

Share this Article
CATEGORIES