ԳԱՂՈՒԹԷ – ԳԱՂՈՒԹ

ԹԵՀՐԱՆ

ԿՐՕՆԻ ԵՒ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ
ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Հովանաւորութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի,  մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Նշան արք. Գարաքեհէեանի եւ կազմակերպութեամբ Միջեկեղեցական հրատարակութեանց բաժանմունքի տնօրէնութեան, 29 օգոստոսէն 4 սեպտեմբեր տեղի ունեցաւ Թեհրանի հայկական դպրոցներու կրօնի եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներու համագումարը` Հայկաշէնի մէջ: Մէկ շաբաթ տեւողութեամբ համագումարի ընթացքին տեղի ունեցան կրօնական, եկեղեցագիտական եւ մանկավարժական դասախօսութիւններ:

Համագումարին գլխաւոր դասախօսներն էին,  առաջնորդ սրբազան հօր եւ գերապայծառի կողքին, Վաղինակ վրդ. Մելոյեան, Մակար վրդ. Աշգարեան եւ Աննա Խաչատրեան` Հայաստանէն:

ԻՐԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԳԻՒՂԱՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՐԶԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՓՈԽԸՄԲՌՆՄԱՆ
ՅՈՒՇԱԳԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑԻՆ

Իրանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սատեղ Խալիլեանի հրաւէրով պաշտօնական այցով 3 սեպտեմբերին Իրան ժամանած Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեան եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը, ուղեկցութեամբ Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Առաքելեանի, 4 սեպտեմբերին այցելեցին «Արարատ» մարզաւան, ուր ծանօթացան տարուած աշխատանքներուն: Ապա իրանահայ համայնքի գործարարներու սեղմ շրջանակին մէջ տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում` Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսութեան ու անասնապահութեան մարզերուն մէջ համագործակցութիւններու ընդլայնման շուրջ:

Հանդիպման սկզբնաւորութեան Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց նախարարին Հայաստանի մէջ ծաւալած աշխատանքները եւ Իրանի գիւղատնտեսութեան նախարարին հետ ունեցած հանդիպումը: Դեսպանը նշեց, որ երկու երկիրներուն գիւղատնտեսութեան նախարարները նոյն օրը` 4 սեպտեմբերին, ստորագրած են փոխըմբռնման յուշագիր:

Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեան բացատրութիւններ տալով Իրան իր այցելութեան մասին` նշեց, թէ այս այցելութեամբ ինք ծանօթացած է Իրանի գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ  ձեռքբերումներուն, ուր մեծ ներդրումներ կատարուած են: Ան յայտնեց, թէ երկու օրերու ընթացքին ծանօթացած է Իրանի գիտական գործունէութեան: Իրանի մէջ կը գտնուի գիտական մեծ կեդրոն, ուր մեծ աշխատանքներ կը տարուին` բուսաբուծութեան, հիւանդութիւններու յայտնաբերման, անասուններու հիւանդութիւններու կանխարգիլման վերաբերեալ: Ան յայտնեց, թէ համաձայնած են, որ փոխայցելութիւններու եւ միացեալ աշխատանքներու շնորհիւ` կարենան այդ բնագաւառներուն մէջ աշխատանք տանիլ:

Յայտնենք, որ Իրան եւ Հայաստան փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած են Հայաստանի գիւղատնտեսական հետազօտութիւններ փոխանցելու եւ Հայաստանէն հակակարկտային սարքեր գնելու առումով: Իրան նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնագէտներ գործուղել Հայաստան` ոչխարաբուծութեան եւ աղակալման վերացման ուղղութիւններ փոխանցելու համար:

 

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

ԼՂՀ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՄԱՆ
20-ԱՄԵԱԿԸ ՍԻՐՈՍԻ ՄԷՋ

Իւրայատուկ էր այս տարի ԼՂՀ անկախութեան հռչակման տօնակատարութեան նշումը, որ կատարուեցաւ Աթէնքէն 83 նաւային մղոն հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սիրոս կղզիի մէջ, ուր վերջերս կը հիւրընկալուին Արցախէն ժամանած 22 երկսեռ պատանիները, որոնք իրենց երկու ուսուցչուհիներուն` Անահիտ Մեսրոպեանին եւ Գայեանէ Բաղդասարեանին հսկողութեամբ եւ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներուն ընկերակցութեամբ 10-օրեայ արձակուրդ կ՛անցընեն:

5 սեպտեմբերի երեկոյեան Արցախի տղաքը հիւրընկալուեցան Սիրոսի քաղաքապետական խորհուրդի ժողովասրահին մէջ, ուր պաշտօնապէս տեղի ունեցաւ ընդունելութեան ձեռնարկ, որ նուիրուած էր ԼՂՀ անկախութեան  հռչակման 20-ամեակին:

Բոլորի ներկայութիւնը ողջունեցին քաղաքապետ Եանիս Տեքաւալաս, փոխ քաղաքապետ եւ Անօ Սիրոսի նախկին քաղաքապետութեան երկար տարիներու քաղաքապետ Ֆոթիս Քսաղորարիս եւ քաղաքապետական խորհուրդին անդամները: Նոյն պահուն քաղաքապետարան կ՛այցելէր Հանրապետական ձախ կուսակցութեան երեսփոխան Թանասիս Լեւենտիս, որ ինք եւս իր կարգին ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն     յայտնեց հանդիպման առիթով: Ներկայ եղան   նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներկայացուցիչը, Քինիի մէջ տեղակայուած կաթողիկէ «Ֆրեր»ներու անդամներ:

Քաղաքապետ Եանիս Տեքաւալաս ողջունեց ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի անդամներուն եւ Արցախի պատանիներուն ներկայութիւնը` հաւաստիացնելով, թէ նոյն գուրգուրանքը, որ 16 տարիէ ի վեր կը ցուցաբերուէր Անօ Սիրոսի քաղաքապետութեան կողմէ, պիտի շարունակէ ցուցադրուիլ Էրմուփոլիի միացեալ քաղաքապետութեան կողմէ:

ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին անունով Խաչիկ Խաչատուրեան մեծապէս գնահատեց Արցախի փոքրերուն հանդէպ սիրոյ ու հոգածութեան անկեղծ զգացումները: Սիրոսի կարեւոր այս նախաձեռնութիւնը սկսաւ Արցախի ազատագրական պայքարի աւարտին,  երբ խնամքի ու գուրգուրանքի այնքան մեծ պահանջ ունէին զոհուած ազատամարտիկներու երեխաները: Հետզհետէ ծրագրին մէջ ներառուեցան բազմանդամ կամ կարիքաւոր ընտանիքներու զաւակներ, ապա նաեւ` իրենց ուսման մէջ առաջնակարգ աշակերտներ:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Յայտնենք, որ Սիրոս այցելեց նաեւ յունահայոց թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան, որ մօտէն հետաքրքրուեցաւ հայ պատանիներու առօրեայով եւ անոնց հետ զրուցեց:

 

ԼՈՆՏՈՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
20-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍ

Հովանաւորութեամբ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Լոնտոնի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Անգլիոյ մէջ հայոց առաջնորդարանին, կազմակերպութեամբ  «Ինվըրս» եւ Ղազար-գալա մշակութային ընկերութիւններուն, 1 սեպտեմբերին Լոնտոնի «Ռոյըլ Ֆեսթիվըլ հոլ»ին մէջ տեղի ունեցաւ «Սպիտակ տեսիլք» խորագիրը կրող համերգ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան 20-ամեակին:

Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները եւ երիտասարդ յօրինող Կարէն Գրիգորեանի հեղինակային գործերը, որոնք մեկնաբանուեցան Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ջութակահար Կարէն Շահգելդեանի, սրնգահար Նելլի Մանուկեանի, կիթառահար Վարդան Գաբոյեանի, թաւջութակահար Պեն Ասատրեանի, դաշնակահարներ Արեգ Միրզոյեանը եւ Արթուր Բոպիկեանի եւ Ճիւս խումբին կողմէ:

 

ՌՈՒՄԱՆԻԱ

ՆԱՆԴՈՐ ՈՒՐՄԱՆՑԻԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ

4 սեպտեմբերին Ռումանիոյ Թոպլիթա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի օր` նուիրուած գրող, հրապարակախօս, քաղաքական գործիչ եւ բարեգործ Նանդոր Ուրմանցիի: Ուրմանցիները հայկական հին տոհմի շառաւիղներէն են, որ 16-րդ դարուն հաստատուած են Մոլտովա, այնուհետեւ տեղափոխուած են Թրանսիլվանիա:

Նանդոր Ուրմանցիի կիսանդրիին բացումը տեղի ունեցաւ անոր ծննդավայր Թոպլիթա քաղաքի կաթողիկէ եկեղեցւոյ բակին մէջ, որ ժամանակին կառուցուած էր իր իսկ միջոցներով:

Կիսանդրիի տեղադրումէն ետք տեղի ունեցաւ  ծաղկեպսակներու զետեղում:

Յիշատակի օրուան ընթացքին մատուցուեցաւ պատարագ, եւ կատարուեցաւ այցելութիւն` դէպի ուրմանցիներու տոհմական ամրոց, Նանդոր Ուրմանցիի հիմնադրած դպրոցը եւ հիւանդանոցը: Կազմակերպուեցաւ նաեւ համերգ, ցուցահանդէս եւ Ուրմանցիի նուիրուած գիտաժողով:

 

ՀՈՆԿ ՔՈՆԿ

ԽԱՉԻԿ Պ. ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐԵԱՆԻ
ԾՆՆԴԵԱՆ 165-ԱՄԵԱԿԸ

8 սեպտեմբերին, մեծանուն բարերար Խաչիկ Պօղոս Աստուածատուրեանի (Փոլ Չաթերի) ծննդեան 165-ամեակին առիթով, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութեամբ,  հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ, Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորէն վրդ. Յովհաննիսեան եւ Կալկաթայի Սուրբ Նազարէթ Մայր եկեղեցւոյ վարչութիւնը այցելեցին Հոնկ Քոնկ: Հոն մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ  հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Խաչիկ Աստուածատուրեան ծնած է 8 սեպտեմբեր 1846-ին, Կալկաթա (Հնդկաստան): 18 տարեկանին հաստատուած  է Հոնկ Քոնկ:  1876-1926  ղեկավարած է Հոնկ Քոնկի հաշտարար դատարանը, աւելի քան 40 տարի եղած է Հոնկ Քոնկի զօրավար-նահանգապետի խորհրդականը, կղզիի գործադիր եւ օրէնսդիր խորհուրդներու անդամ:

1902 թուականին Մեծն Բրիտանիոյ թագաւոր Էտուըրտ 7-րդէն ստացած է ասպետի կոչում:

Ան եղած է հնդկահայ համայնքի մեծ բարերար, նիւթական օգնութիւն տրամադրած է Հնդկաստանի հայ եկեղեցիներուն, կառուցած  է Կալկաթայի հայկական ծերանոցը, Մեծ եղեռնէն ազատած հայերուն օգնելու նպատակով Բրիտանիոյ մէջ  հիմնած է «Հայ  գաղթականներու բարեգործական հիմնադրամը»:

Խաչիկ Պօղոս Աստուածատուրեան մահացած  է 1926-ին:

Հոնկ Քոնկի մէջ ներկայիս իր անունով կան բազմաթիւ կառոյցներ` մեթրոյի կայարան, «Չաթերու այգի», «Չաթերու պողոտայ», «Խաչիկի փողոց»…

 

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

ՀՕՄ-Ը ԿԸ ՄԻԱՆԱՅ ԱՓՐԻԿԷԻ
ՍՈՎԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՃԻԳԵՐՈՒՆ

Հայ օգնութեան միութիւնը յայտարարեց, որ միացած է «Տորքաս էյտ» կազմակերպութեան` օժանդակութեան ձեռք մեկնելու համար Ափրիկէի Եղջիւրի շրջանը հարուածած սովի զոհերուն:

Անցնող յիսնամեակի ծանրագոյն երաշտը կը հարուածէ Ափրիկէի արեւելեան շրջանները: Այս աղէտին պատճառով սովը կը սպառնայ աւելի քան տասը միլիոն մարդու կեանքին: Պարագան ծանր է յատկապէս Սոմալիի մէջ, ուրկէ օրական միջին հաշուով 1600-2000 հոգի կը հասնի Եթովպիոյ մէջ հաստատուած գաղթակայանները` օրեր, երբեմն շաբաթներ քալելէ ետք: Վատառողջ, սովահար ու ծարաւ վիճակի մէջ գաղթակայաններ ապաստանածներուն թիւը անցած է արդէն 125 հազարի սահմանը:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեան նկատել տուաւ, թէ իբրեւ միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւն` պարտաւոր կը զգան օժանդակելու աղէտալի պայմաններ դիմագրաւող կարիքաւորներուն, աւելցնելով, որ որոշած են միանալ «Տորքաս էյտ»ի եւ այլ մարդասիրական կազմակերպութիւններու ճիգերուն` փորձել մեղմելու համար սովը դիմակայող կիներու եւ երեխաներու տառապանքը: Ան շեշտեց, թէ իրենց նախաձեռնութեան բնաբանն է` «Օգնեցէք մեզի` օժանդակելու համար սովահարներուն» եւ կոչ ուղղեց բոլորին, որ իրենց կայքէջին (www.ars1910.org) կամ ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ միաւորներուն ճամբով նուիրատուութիւններ կատարեն կարելի առաւելագոյն թիւով մարդոց ցաւը թեթեւցնելու համար:

«Տոր էյտ Ամերիքա» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Տիգրան Եումուշաքեան բարձր գնահատեց Հայ օգնութեան միութեան «Տորքաս էյտ»ի ճիգերուն միանալու որոշումին վսեմ քայլը` շեշտելով, որ երկու կազմակերպութիւններուն նպատակը կարիքաւոր մարդոց օժանդակելն է:

«Տորքաս էյտ» եւ «Տոր էյտ Ամերիքա» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ յուլիսին այցելած էին ՀՕՄ-ի կեդրոնական գրասենեակ եւ երկու մարդասիրական կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչները համաձայնած էին գործակցիլ մարդասիրական եւ բարգաւաճման ծրագիրներու գործադրութեան ծիրին մէջ:

«ՖԵՐԱՀԵԱՆ»Ի ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ԽՈՀԱՆՈՑԸ
ԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ԳԱՐՈՒՆ ՂԱԶԱՐԵԱՆԻՆ ԱՆՈՒՆՈՎ

21 օգոստոսին կատարուեցաւ «Ֆերահեան» ազգային վարժարանի վերանորոգուած եւ վերակահաւորուած խոհանոցին բացման արարողութիւնը:

Խոհանոցը վերանորոգուեցաւ շնորհիւ Ղազարեան ընտանիքի անդամներուն` Արա, Ճան, Պետրոս Ղազարեաններուն, Ալիս Աբրահամեանին եւ Աստղիկ Մուրատեանին,  որոնք իրենց մօր երախտագիտութիւն յայտնելու համար նուիրեցին 30 հազար ամերիկեան տոլար` ի նպաստ այս ծրագիրին:

Վերամուտը վերանորոգուած խոհանոցով սկսիլը խանդավառութիւն ստեղծեց աշակերտութեան, ուսուցչակազմին եւ անձնակազմին մէջ, որովհետեւ հոգեկան ու իմացական սնունդ ստացող մեր աշակերտներուն համար նոյնքան կարեւոր է ֆիզիքապէս առողջ ըլլալը եւ դասապահերէն ետք անմիջապէս խոհանոց ուղղուիլը` սնունդ ստանալու, կազդուրուելու եւ աշխուժանալու համար:

Արարողութիւնը սկսաւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի օրհնութեան աղօթքով, որմէ ետք բարերար ընտանիքին կրտսեր անդամը` Արա Ղազարեան, վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսագեանի ընկերակցութեամբ կտրեց բացման ժապաւէնը: Խոհանոցի դրան վրայ զետեղուած էր «Խոհանոց` ի յիշատակ Գարուն Ղազարեանի» գրութիւնը կրող ցուցատախտակը:

Ներկաները շրջեցան արդիական խոհանոցին մէջ, ուր Ժան Գոսագեան նախ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ղազարեան ընտանիքի անդամներուն, որոնք իրենց մօր յիշատակը յարգելու համար, այս նշանակալից նուիրատուութիւնը կատարեցին` իրականացնելով վարժարանի խոհանոցին վերանորոգումը: Ապա ան ներկաներուն մանրամասն բացատրութիւն տուաւ վերանորոգման աշխատանքներուն մասին` ըսելով, թէ խոհանոցը հիմնովին վերանորոգուած եւ գրեթէ ամբողջովին վերակահաւորուած է: Նաեւ աշակերտներու սպասման սենեակը ընդարձակուած է` դիւրացնելով անոնց խոհանոց մուտքը: Տնօրէնը ուրախութիւն յայտնեց, որ արդիականացած այս խոհանոցը տասնամեակներ պիտի ծառայէ գալիք սերունդներուն: Նշեց նաեւ, թէ այժմ խոհանոցը կը կոչուի բարերարներու մօր` Գարուն Ղազարեանի անունով` անմահացնելով անոր յիշատակը:

Ղազարեան ընտանիքին կողմէ խօսք առաւ Արա Ղազարեան, որովհետեւ այս գործին նախաձեռնողը ինք եղած էր:

Արան, որ աւարտած է «Ֆերահեան»ը 1981-ին, նշեց, թէ իր աշակերտութեան օրերուն մայրը երեք տարի ծառայած էր այս խոհանոցին մէջ, եւ այդ իսկ պատճառով ինք ընտրած էր այս մէկը: Ան նկատել տուաւ, որ խոհանոցը իր մօր սիրելի վայրն էր. ան կը սիրէր եփել եւ շատ ուրախ կը զգար հոն, աւելցնելով, որ ուզած են դպրոցին օգնել ձեւով մը, նկատած է, որ մօրը յիշելու լաւագոյն ձեւը խոհանոցը անոր անունով կոչելն էր:

«Ֆերահեան»ի շրջանաւարտ Արա Ղազարեան մաղթեց, որ այլ սենեակներու համար ալ հովանաւորներ գտնուին, որպէսզի անոնց անուններով կատարուած նուիրատուութիւնները առաւել եւս ամրապնդեն կառոյցը:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES